Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ Տարելիցի Ոգեկոչումը Փարիզի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ Տարելիցի Ոգեկոչումը Փարիզի Մէջ

by MassisPost

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին ոգեկոչումը տեղի ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ Ապրիլ 24, 2026ին։

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Ֆրանսայի շրջանի կազմակերպութեամբ, Փարիզի կեդրոնը նկատուող Champs Élysées պողոտային վրայ գտնուող  Յաղթանակի Կամարի ներքեւ «Անյայտ Զինուոր»ի անմառ կրակին մօտ  մատուցեց իր յարգանքի տուրքը, համայն մարդկութեան պատմութեան մէջ առաջին ցեղասպանութիւնը նկատուած Հայոց Ցեղասպանութեան 1,500,000 անմեղ զոհերուն։

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Անմառ Կրակին բոցերուն  մօտ հնչեց «ՀՆՉԱԿԵԱՆ» անունը եւ Կուսակցութեան երեք ատենապետները ծաղկեպսակ զետեղեցին։

Այժմու Ատենապետուհի՝ Ընկերուհի Արմիկ Տագգէսեան-Մկրտիչեան եւ նախորդ Ատենապետ՝ Ընկեր Սարօ Մարտիրեան, ներկայացուցին ծաղկեպսակը ՍԴՀԿի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Ֆրանսայի շրջանի անցեալի Ատենապետ՝ Ընկեր Գէորգ Սաչլեանին եւ երեքով կատարեցին արարողութիւնը, յարգելով արարողակարգը որ ծրագրուած էր Ֆրանսայի Ներքին Գործոց Նախարարութեան կից գործող Նախկին Ռազմիկներու յանձնախումբին կողմէ։ Յետ արարողութեան Ընկեր Գէորգ Սաչլեան, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան անունը արձանագրեց «Անյայտ Զինուոր»ի ոսկեմատեանին Ապրիլ 24, 2026 թուականը կրող էջին վրայ։

Նոյն օրը հոն զետեղուեցաւ Մուսա Լերան հերոսներուն յիշատակը նշող ծաղկեպսակ մը նաեւ։ Մէկ օր առաջ, Ալֆօրվիլ քաղաքի մէջ նշուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին նուիրուած հսկումին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՍԴՀԿ ՆԱԶԱՐԲԷԿ Երիտասարդական միութիւնը եւ ԿԱՅԾ-Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Կիլիկիա երգչախումբը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment