Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 19 Քաղաքական Ուժ Ընտրութիւններուն Առաջադրուելու Յայտ Ներկայացուցած Է

19 Քաղաքական Ուժ Ընտրութիւններուն Առաջադրուելու Յայտ Ներկայացուցած Է

by MassisPost

Յունիս 7-ի ընտրութիւններուն մասնակցելու յայտ 19 ուժ ներկայացուցած է՝ 17 կուսակցութիւն եւ երկու դաշինք:

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողով առաջադրման փաստաթուղթեր տարած են իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիրը», «Բոլորին դէմ եմ», «ժողովրդավարական Համախմբում», «Բարգաւաճ Հայաստան», «Միասնութեան Թեւեր», «Հայ Ազգային Գոնկրէս», «Լուսաւոր Հայաստան», «Ազգային Ժողովրդավարական Բեւեռ», «Հայաստանի Շնորհապետական», «Քրիստոնէադեմոկրատական», «Նոր Ուժ», «Հանրապետութիւն», Ալեանս Առաջադիմական – Ցենտրիստական, Ռեֆորմիստներու, «Դեմոկրատիա, Օրէնք, Կարգապահութիւն», «Քոչարի Ազգային Վերածնունդ եւ Ազգի Զարթօնք», «Յանուն Հանրապետութեան Ժողովրդավարութեան Պաշտպանների Դաշինք» կուսակցութիւնները, «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքները:

2021-ին 25 ուժ կը մասնակցէր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment