Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Հիւրընկալած Է Պելճիքայի Թագուհին

Նիկոլ Փաշինեան Հիւրընկալած Է Պելճիքայի Թագուհին

by MassisPost

Հոկտեմբեր 15-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալած է աշխատանքային այցով Հայաստան գտնուող Պելճիքայի թագուհի, Նորին Մեծութիւն Մաթիլտը:

Վարչապետը ողջունած է թագուհիին այցը Հայաստան։ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է Նորին Մեծութեան առաջնորդութիւնը՝ որպէս ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման նպատակներու պաշտպան, եւ յաւելած, որ Հայաստանը հետեւողական քայլեր կը ձեռնարկէ 2030 Օրակարգի ծիրին մէջ ստանձնած պարտաւորութիւնները լաւագոյնս կեանքի կոչելու համար։

Նորին մեծութիւնը կարեւորած է ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման նպատակներուն պաշտպանութիւնն ու այդ նպատակով միջոցառումներու իրականացումը։ Այդ առումով երկուստեք կարեւորուած է ներառական եւ որակեալ կրթութեան դերը Կայուն զարգացման նպատակներուն հասնելու գործին մէջ: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ հասարակութեան մէջ կանանց դերի հզօրացման խնդիրին եւ այդ ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ապահովման միտուած ջանքերուն շուրջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment