Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բացայայտուած Են Հաւաքներուն Մասնակցելուն Հարկադրելու, Գոյքի Յափշտակութիւն Կատարելու Դէպքեր

Բացայայտուած Են Հաւաքներուն Մասնակցելուն Հարկադրելու, Գոյքի Յափշտակութիւն Կատարելու Դէպքեր

by MassisPost

ՀՀ Քննչական Կոմիտէի Երեւանի Քննչական վարչութեան ծանր յանցագործութիւններու քննութեան բաժնին մէջ հաւաքներուն մասնակցելուն հարկադրելու, ընտրական իրաւունքի իրականացման խոչընդոտելու եւ մեծ չափերով վստահուած գոյքի յափշտակութիւն կատարելու դէպքերու առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի նախաքննութեան ծիրին մէջ կատարուած են շարք մը խուզարկութիւններ:

Կատարուած երկու տասնեակէ աւելի խուզարկութիւններու բերումով յայտնաբերուած եւ վերցուած են քրէական վարոյթին համար նշանակութիւն ունեցող փաստաթուղթեր, ելեկտրոնային տեղեկատուութիւն պարունակող կրիչներ, առանձնապէս մեծ չափերով գումար, ոսկեայ, արծաթեայ մեծաքանակ զարդեր, շարք մը առեւտրային կազմակերպութիւններու անուամբ տրուած բազմաթիւ վառելիքի կտրօններ, այլ իրեր ու առարկաներ:

Կատարուած մեծածաւալ քննչական ու վարութային գործողութիւններու բերումով ձեռք բերուած փաստերու հիման վրայ Յ.Պ.-ի նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ 149-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 4-րդ կէտով (ընտրական իրաւունքի իրականացման խոչընդոտելը պաշտօնէական դիրքը օգտագործելով), Քրէական օրէնսգիրքի 236-րդ յօդուածի 3-րդ մասով (իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները կամ անոնցմով պայմանաւորուած ազդեցութիւնը օգտագործելով հաւաք կատարելուն կամ անոր մասնակցելուն խոչընդոտելու կամ հարկադրելու, ինչպէս նաեւ հաւաքին մասնակցելու կամ հաւաքին մասնակցելէ հրաժարելու նպատակով նիւթապէս շահագրգռելը)։

Ա.Ա.-ի նկատմամբ՝ 46-236-րդ յօդուածի 3-րդ մասով (իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները կամ անոնցմով պայմանաւորուած ազդեցութիւնը օգտագործելով հաւաք կատարելուն կամ անոր մասնակցելուն խոչընդոտելու կամ հարկադրելու, ինչպէս նաեւ հաւաքին մասնակցելու կամ հաւաքին մասնակցելէ հրաժարելու նպատակով նիւթապէս շահագրգռելուն օժանդակելը)։

Ն.Ա.-ի նկատմամբ՝ 256-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 2-րդ եւ 3-րդ կէտերով (իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները կամ անոնցմով պայմանաւորուած ազդեցութիւնը օգտագործելով մեծ չափերով վստահուած գոյքը յափշտակելը):

Վերջիններս ձերբակալուած են:

***

Հոկտեմբեր 15-ին Արագածոտնի թեմի 6 հոգեւորական եւ Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռոշեանը բերման ենթարկած են անոնց բնակարանները խուզարկելէ յետոյ:

Քննչական Կոմիտէէն յայտնած են, որ հոգեւորականները բերման ենթարկուած են՝ ծառայողական լիազօրութիւնները կամ անով պայմանաւորուած ազդեցութիւնը օգտագործելով՝ հաւաքներուն մասնակցիլը խոչընդոտելու կամ հարկադրելու դէպքի առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի նախաքննութեան ծիրին մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment