Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սամուէլ Կարապետեանի Կալանքի Ժամկէտը Երկարաձգուած Է

Սամուէլ Կարապետեանի Կալանքի Ժամկէտը Երկարաձգուած Է

by MassisPost

Դատարանը մասնակի բաւարարած է Քննչական Կոմիտէին միջնորդութիւնը եւ 30 օրով երկարաձգած է գործարար Սամուէլ Կարապետեանի խափանման միջոց կալանքը։

Լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին յայտնած է փաստաբան Արամ Վարդեւանեանը:
Կարապետեանը կալանաւորուած է իշխանութիւնը զաւթելու հրապարակային կոչի մեղադրանքով։ Անոր կալանքին ժամկէտը կը լրանայ 2025 թուականի Հոկտեմբեր 18-ին: Զայն երկարաձգելու միջնորդութիւն ներկայացուած էր դատարան:

Սամուէլ Կարապետեանի մեղադրանքը փոխուած է: Աւելցուած են Քրէական օրէնսգիրքի 296-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 2-րդ եւ 3-րդ կէտերը (իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները կամ անոնցմով պայմանաւորուած ազդեցութիւնը օգտագործելով առանձնապէս մեծ չափերով փողերու լուացումը):

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment