ՀՀ Զբօսաշրջութեան կոմիտէն ներկայացուցած է 2025 թուականի Սեպտեմբերին դէպի Հայաստան զբօսաշրջային այցելութիւններու թիւը։
2025 թուականի Սեպտեմբերին Հայաստան այցելած է 229,124 զբօսաշրջիկ։ Նախորդող տարի նոյն ժամանակահատուածին զբօսաշրջային այցելութիւններու թիւը կազմած է՝ 236,561։
2025թ․ Յունուար-Սեպտեմբերին դէպի Հայաստան աւելի շատ զբօսաշրջային այցելութիւններ արձանագրուած են Ռուսաստանէն (41%), Վրաստանէն (12%) եւ Իրանէն (8%):

