Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կ’ուզեմ Յոյս Յայտնել, Որ Յառաջիկային Գերիներու Հարցով Լաւ Նորութիւններ Կ’ունենանք. Արարատ Միրզոյեան

Կ’ուզեմ Յոյս Յայտնել, Որ Յառաջիկային Գերիներու Հարցով Լաւ Նորութիւններ Կ’ունենանք. Արարատ Միրզոյեան

by MassisPost

ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան Ֆինլանտայի արտաքին գործերու նախարարին հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ պատասխանեց նաեւ Պաքուի մէջ պահուող գերիներու վերաբերեալ հարցին:

«Հաստատուած խաղաղութեան պայմաններում Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնների կարգաւորման շրջանակներում մնում են որոշ հարցեր, որոնք դեռ լուծման կարիք ունեն: Դրանցից առաջինը Պաքւում պահուող գերիների, պատանդառուած անձանց ազատ արձակման հարցն է։ Մենք ամէնօրեայ աշխատանքներ ենք իրականացնում այս ուղղութեամբ, ոչ միշտ տեսանելի, ոչ միշտ արդիւնաւէտ, հակառակ դէպքում՝ այս հարցն արդէն դուրս եկած կը լինէր օրակարգից»,- ըսաւ նախարարը:

Արարատ Միրզոյեան նշեց նաեւ, որ Հոկտեմբեր 13-ին Շարմ էլ Շէյխի մէջ եւս Խաղաղութեան գագաթաժողովի ծիրին մէջ ատրպէյճանցի գործընկերներուն հետ քննարկած են այդ հարցը:

«Ուզում եմ յոյս յայտնել, որ յառաջիկայում այս առումով լաւ նորութիւններ կ’ունենանք, մենք չենք դադարեցնում մեր ջանքերը: Յուսանք, որ մեր ջանքերը դրական արդիւնքով կը պսակուեն յառաջիկայում»,- յայտնեց արտաքին գործերու նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment