Մեծ Բրիտանիան կը չեղարկէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ զէնքի մատակարարման արգելքը, յայտնած է պետական նախարար Սթիվըն Տաութին:
Անոր յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ հաշուի առնելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յառաջընթացը, խաղաղութեան ուղղուած շարունակական ջանքերուն աջակցելու համար Բրիտանիան որոշած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ բարձրացնել իր երկկողմ յարաբերութիւնները՝ զանոնք հասցնելով ռազմավարական գործընկերութեան։ Ըստ Լոնտոնի՝ այս որոշմամբ Միացեալ Թագաւորութիւնը նաեւ կ’աջակցի երկու երկիրներու ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան պահպանման «հիպրիտային սպառնալիքներէն»։
Տաութի շեշտած է, կը կարծենք՝ 1992 թուականի ԵԱՀԿ զէնքի արգելքը այլեւս արդիական չէ:
Հայաստան եւ Ատրպէյճան արտահանման եւ առեւտուրի արտօնագրերու դիմումերը, սակայն, կը շարունակեն գնահատուիլ անհատական հետազօտութեան հիման վրայ՝ Մեծ Բրիտանիոյ ռազմավարական արտահանման արտօնագրման չափանիշերուն համապատասխան:
«Մենք ուշադիր կը հետեւինք տարածաշրջանի եւ ներպետական անվտանգութեան իրավիճակին երկու երկրներուն մէջ»,- շեշտած է պետական նախարարը՝ յոյս յայտնելով, որ ուաշինկթընեան պայմանաւորուածութիւններով իսկապէս սկիզբ կը դրուի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան:
Միացեալ Թագաւորութիւնը պատրաստ է աշխատելու երկու երկիրներուն, ԱՄՆ-ի, Եւրոմիութեան եւ այլ գործընկերներու հետ՝ նպաստաւոր եւ գործնական դերակատարութիւն ունենալու համար այս փոփոխութիւններու եւ տարածաշրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովման գործին մէջ։
Սթիվըն Տաութիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Օգոստոսին Հայաստան կը գտնուէր: Կողմերը համաձայնած էին բարձրացնել յարաբերութիւնները ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի:

