ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան Ֆինլանտայի արտաքին գործերու նախարարին հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ անդրադարձաւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման ծիրին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ՀՀ Սահմանադրութիւնը փոխելու նախապայմանին վերաբերող հարցին:
Ի պատասխան հնչած հարցումին՝ Միրզոյեան ըսաւ, թէ որպէս փոխհամաձայնեցուած օրակարգի հարց նման քննարկում չկայ: ՀՀ Սահմանադրութեան փոփոխութեան եւ կամ նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը բացառապէս ներքաղաքական օրակարգի եւ հայ ժողովուրդին որոշելիք հարցն է:
«ՀՀ-ն երբեւէ որեւէ երրորդ կողմի առջեւ չի ստանձնել եւ չի էլ ստանձնելու պարտաւորութիւն՝ փոխելու ՀՀ Սահմանադրութիւնը․ դա միայն եւ միայն մեր քաղաքացիների որոշելիքն է եւ մեր ներքաղաքական, մեր հանրային օրակարգի մասն է: Այո՛, Ատրպէյճանը շարունակում է այս հարցը կապել պայմանագրի ստորագրման հետ եւ այն որպէս նախապայման դիտարկել, բայց հայկական կողմը այս «կապուածութիւնը, նախապայմանը» չի ընդունում»,- ըսաւ ան:

