Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Նախագահը Ընդունած Է Պելճիքայի Թագուհի Մաթիլտը

ՀՀ Նախագահը Ընդունած Է Պելճիքայի Թագուհի Մաթիլտը

by MassisPost

Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ընդունած է Պելճիքայի թագուհի Մաթիլտը:

Նախագահը ողջունած է թագուհիին այցը Հայաստան եւ բարձր գնահատած Նորին մեծութեան առաջնորդութիւնը՝ որպէս ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման նպատակներու պաշտպան:

«Մեզ համար մեծ պատիւ է հիւրընկալել Ձեզ։ Ձեր այցելութեան նպատակը՝ ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման նպատակների պաշտպանութիւնը, անշուշտ, մեծապէս օգտակար կը լինի Հայաստանի Հանրապետութեան համար, որպէսզի մենք կարողանանք լիարժէք կատարել 2030 թուականի համար ստանձնած պարտականութիւնները։ Մենք բարձր ենք գնահատում Ձեր առաջնորդութիւնն այս ոլորտում եւ այն, որ զբաղւում էք մարդկութեանը յուզող այսպիսի կարեւոր հարցերով»,- ըսած է նախագահը:

Թագուհի Մաթիլտը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշած, որ տպաւորուած է Հայաստանով եւ ուրախ է գտնուելու Հայաստանի մէջ՝ ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման նպատակներու պաշտպանութեան առիթով:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման նպատակներու ծիրին մէջ իրականացուող ծրագրերն ու անոնց յառաջմղման ուղղութեամբ տարուող քայլերը։ Կողմերը կարեւորուած են կրթութեան դերը՝ որպէս համամարդկային մարդասիրական խնդիրներու յաղթահարման եւ հասարակութիւններու կայուն զարգացման հիմնասիւն։

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Պելճիքա երկկողմ յարաբերութիւններուն։ Շեշտուած է տնտեսութեան բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ համագործակցութեան ընդլայնման, նորարարական լուծումներու խթանման եւ համատեղ նախաձեռնութիւններու կեանքի կոչման կարեւորութիւնը։ Նախագահ Խաչատուրեան ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Պելճիքայի միջեւ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած գործընկերութիւնը կրնայ նոր որակ ստանալ գիտութեան, կրթութեան եւ թուային արհեստագիտութիւններու ոլորտներու մէջ։Կողմերը միտքեր փոխանակած են 2026 թուականին Հայաստանի մէջ կայանալիք Կենսաբազմազանութեան COP-17 համաժողովի եւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովի կայացման վերաբերեալ։ Այս առումով նշուած է, որ Հայաստանը մեծ պատասխանատուութեամբ կը մօտենայ միջազգային բնապահպանական նախաձեռնութիւններուն եւ կը ձգտի ըլլալու գործուն մասնակից համաշխարհային ջանքերուն՝ ուղղուած բնապահպանական մարտահրաւէրներու յաղթահարման։ Շեշտուած է կենսաբազմազանութեան պահպանութեան եւ շրջակայ միջավայրի կայունութեան ապահովման գործին մէջ ամբողջ մարդկութեան համախմբման անհրաժեշտութիւնը։

Զրոյցի ընթացքին կարեւորուած են նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերը։ Կողմերը երկուստեք շեշտած են, որ խաղաղութիւնը եւ համագործակցութիւնը միջազգային յարաբերութիւններու առանցքային արժէքներն են, իսկ անոնց ամրապնդումը՝ պետութիւններու եւ ժողովուրդներու յառաջընթացի հիմնական պայմանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment