«Արմենիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութիւնը յառաջիկայ 10 տարիներուն կը ծրագրէ 500 միլիոն տոլարի ներդրում իրականացնել՝ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանի նոր թերմինալի կառուցման համար։
«Forbes»-ին տուած հարցազրոյցին այս մասին ըսած է «Արմենիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Մարսելօ Վենտէ։
Ան մանրամասնած է, որ վերջին երկու տարիներու ընթացքին Երեւանի օդակայանի ուղեւորահոսքի աճը կանխատեսուածէն աւելի եղած է՝ հասնելով տարեկան աւելի քան 5,5 միլիոնի։ Ան նշած է, որ թերմինալը կառուցուած եղած է տարեկան 3-4 միլիոն ուղեւորի սպասարկման համար, ուստի հիմա գործող հզօրութիւնները արդէն բաւարար չեն, եւ ընդլայնումը այս պայմաններուն մէջ կարեւոր է։
«Երբ մենք 2001 թուականին ժամանեցինք Հայաստան, օդակայանին ենթակառուցուածքը հինցած էր եւ գրեթէ փլուզման եզրին։ Մենք զայն քայլ առ քայլ վերակառուցեցինք՝ վերածելով ժամանակակից թերմինալի, որ լաւ ծառայած է երկրին աւելի քան մէկ տասնամեակ։ Այժմ աճի ապագայ միտումներուն համապատասխանելու համար մենք կը նախատեսենք կրկնապատկել օդակայանին թողունակութիւնը յաջորդ 10 տարիներու ընթացքին՝ 500 միլիոն տոլարի ներդրման միջոցով։
«Նստեցման ելքերու թիւը 6-էն պիտի հասնի 16-ի։ Ժամանման սրահները, ներգաղթային գօտիները եւ մաքսային գօտիները պիտի կրկնապատկուին։ Մենք պիտի աւելցնենք ժամանակակից սրահներ, պիտի ընդլայնենք կայանատեղիները եւ բարելաւենք ճանապարհային հաղորդակցութիւնը ուղեւորներուն համար։ Մենք նաեւ կը պատրաստուինք ինքնաշխատ թուային անցագրային ելքերու եւ կենսաչափական անցագրային նոր համակարգի ներդրման, որ պիտի հեշտացնէ Հայաստանի քաղաքացիներուն ճանապարհորդութիւնը, մասնաւորապէս Եւրոպա։ Մեր նպատակն է ապահովել Հայաստանի դիրքը որպէս մրցունակ կեդրոն տարածաշրջանին մէջ»,- ըսած է Վենտէ։

