Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Նախագահը ՀԾԿՅ Ղեկավարին Հետ Քննարկած Է ՀԵՑ-ի Կառավարման Հետ Կապուած Հարցեր

ՀՀ Նախագահը ՀԾԿՅ Ղեկավարին Հետ Քննարկած Է ՀԵՑ-ի Կառավարման Հետ Կապուած Հարցեր

by MassisPost

Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ընդունած է ՀՀ Հանրային Ծառայութիւնները Կարգաւորող Յանձնաժողովի (ՀԾԿՅ) նախագահ Մեսրոպ Մեսրոպեանը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուածեն հանրային ծառայութիւններու ոլորտին մէջ առկայ շարք մը արդիական խնդիրներ եւ անոնց կարգաւորման հնարաւոր ուղղութիւնները։ Մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի ելեկտրական ցանցերուն հետ կապուած հարցերուն՝ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցուածքներու արդիւնաւէտ եւ յուսալի կառավարման ծիրին մէջ։

Նախագահ Խաչատուրեան կարեւորած է նման ենթակառուցուածքներու կայուն ու անվտանգ գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը՝ ընդգծելով, որ արտակարգ իրավիճակներու մէջ ժամանակաւոր կառավարման մեխանիզմներու օրէնսդրական յստակացումը կը հանդիսանայ կարեւոր օրակարգային հարց։

Մեսրոպ Մեսրոպեան նախագահ Խաչատուրեանին ներկայացուցած է յանձնաժողովին կողմէ իրականացուող աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ապագայ նախաձեռնութիւնները՝ ոլորտին զարգացումը ապահովելու եւ արդիւնաւէտ կարգաւորումներ ներդնելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment