Հայաստանն ու Սլովաքիան ունին յարաբերութիւններ զարգացնելու հսկայական ներուժ, յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սլովաքիոյ իր գործընկերոջ՝ Ռոպերթ Ֆիցոյի հետ հանդիպման ընթացքին:
Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է Սլովաքիոյ հետ հետագայ յարաբերութիւններու զարգացումը:
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Ռոպերթ Ֆիցոյին Հայաստանի հետ կապուած օրակարգերուն ցուցաբերած աջակցութեան համար. «Այսօր «Երեւանեան երկխօսութիւն» համաժողովի ընթացքում Ձեր աջակցութիւնը վերահաստատեցիք մեր տարածաշրջանում խաղաղութեան օրակարգին, Հայաստանում Եւրամիութեան դիտորդական առաքելութեան ներկայութեանը: Ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել նաեւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի յաջորդ տարուայ գագաթնաժողովը գարնանը Հայաստանում անցկացնելու առիթով»:
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին եւ վերջին զարգացումներուն: Ռոպերթ Ֆիցօ յայտնած է իր երկրին աջակցութիւնը ՀՀ կառավարութեան խաղաղութեան օրակարգին՝ ի նպաստ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ համագործակցութեան:
Փաշինեան եւ Ֆիրցօ քննարկած են երկկողմ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման, առեւտրային կապերու ընդլայնման, արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր: Ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման շուրջ:
Ռոպերթ Ֆիցօ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պաշտօնական այցով հրաւիրած է Սլովաքիա իրեն յարմար ժամանակահատուածին:



