Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալած է պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Վիեթնամի Սոցիալիստական Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Չան Թան Մանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Վարչապետը ողջունած է Չան Թան Մանի այցը Հայաստան եւ ընդգծած է Վիեթնամի հետ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ բարձր մակարդակի փոխայցելութիւնները կը վկայեն երկկողմ յարաբերութիւններու հետագայ խորացման եւ ընդլայնման երկուստեք հետաքրքրուածութեան մասին, ինչ որ դրական եւ ողջունելի գործընթաց է:
Չան Թան Ման, իր հերթին, շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար՝ ընդգծելով, որ Հայաստան այցը նպատակ ունի աւելի ամրապնդելու եւ խորացնելու Հայաստան-Վիեթնամ բարեկամութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են երկկողմ բազմոլորտ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները՝ կարեւորելով տնտեսական յարաբերութիւններու աշխուժացման ուղղութեամբ յստակ միջոցառումներու եւ քայլերու մշակման անհրաժեշտութիւնը:
Զրուցակիցները առանձնայատուկ ընդգծած են նաեւ միջխորհրդարանական ձեւաչափով համագործակցութեան շարունակականութեան կարեւորութիւնը, ինչ որ կրնայ յաւելեալ խթան հանդիսանալ երկկողմ կապերու զարգացման համար:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Չան Թան Ման միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային նշանակութեան շարք մը հարցերու շուրջ:


