Դեկտեմբեր 10-12-ին Սէուտական Արաբիոյ Ռիատ քաղաքին մէջ կայացած է CPHI Middle East 2024 դեղագործական միջազգային ցուցահանդէսը, որ տեղի կ’ունենայ 35-րդ անգամ: Ցուցահանդէսին մասնակցած են աւելի քան 100 երկրէ 400 ներկայացուցիչ եւ 30.000 այցելու։
Հայաստան մասնակցած է միասնական ազգային տաղաւարով, ուր ներկայացուած եղած է հայկական եօթը ընկերութեան արտադրանք։
Հայկական պատուիրակութիւնը կը ղեկավարէին Իրանի մէջ Հայաստանի առեւտրային կցորդ Վարդան Կոստանեանը եւ ՀՀ տնտեսութեան նախարարի խորհրդական Գէորգի Խաչիեանը։
Ցուցահանդէսի ընթացքին տեղի ունեցած են B2B հանդիպումներ տարբեր երկիրներէ ներկայացուած ընկերութիւններու եւ հայկական ընկերութիւններուն միջեւ։

