Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Յոյսով Ենք՝ Երեւանն Ու Պաքուն Կը Հասկնան ՆԱԹՕ-ի Բաղադրատոմսերու Կործանարար Հետեւանքները». ՌԴ ԱԳՆ

«Յոյսով Ենք՝ Երեւանն Ու Պաքուն Կը Հասկնան ՆԱԹՕ-ի Բաղադրատոմսերու Կործանարար Հետեւանքները». ՌԴ ԱԳՆ

by MassisPost

Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յոյսով է, որ Երեւանն ու Պաքուն կը հասկնան Հարաւային Կովկասի մէջ նոր բաժանարար գիծերու սպառնալիքը։

Ռուսաստանի ԱԳՆ Տեղեկատուութեան եւ մամուլի բաժանմունքի փոխտնօրէն Անտրէյ  Նասթասինը ճեպազրոյցի մէջ ըսած է, որ Հայաստանին կու տան սպառազինութիւն, կը փորձեն վերականգնել անոր պաշտպանական ոլորտը, միաժամանակ ԱՆԹՕ-ի էմիսարները իրենց «վոյաժներ»ը կը կատարեն Պաքուի մէջ։

«Սա կը խորացնէ լարուածութիւնը երկու հանրապետութիւններուն միջեւ, չի նպաստեր հայ-ատրպէյճանական երկխօսութեան, կը հրահրէ սպառազինութիւններու մրցավազք տարածաշրջանին մէջ»,- ըսած է ան։

Ան կրկին կրկնած է Մոսկուայի դիրքորոշումը առ այն, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համապարփակ հիմքը կը մնայ 2020 եւ 2022 թուականներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու համալիրը։ Ռուսաստանի ԱԳՆ-ն համոզուած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը կրնան եւ պէտք է ապահովեն իրենք՝ տարածաշրջանի երկրները, տարածաշրջանային պատասխանատուութեան սկզբունքի շրջանակներուն մէջ։

«Եւրոատլանտականներու կողմէ իրենց բաղադրատոմսերու պարտադրումը, որ հեռու է տարածաշրջանին առանձնայատկութիւնները ըմբռնելէ, պիտի յանգեցնէ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր բաժանարար գիծերու ի յայտ գալուն եւ կործանարար հետեւանքներ պիտի ունենայ ոչ միայն տարածաշրջանին, այլեւ ընդհանուր եւրասիական անվտանգութեան համար։ Յոյս ունենք, որ Պաքուն եւ Երեւանը լաւ կը հասկնան ատիկա»,- ըսած է Նասթասինը։

Ան ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին (Յուլիս 9-11) Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հրաւէրը գնահատած է որպէս Ռուսաստանի բարեկամներուն իր հետ համագործակցութիւնից պոկելու փորձ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment