Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Հաւասարութեան Նշաններ Դնելու Փորձերը Անլուրջ Են Եւ Անամօթ․ Եղիշէ Կիրակոսեան

Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Հաւասարութեան Նշաններ Դնելու Փորձերը Անլուրջ Են Եւ Անամօթ․ Եղիշէ Կիրակոսեան

by MassisPost

Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանը անամօթ ու անլուրջ որակած է ատրպէյճանական կողմին քայլերը, որ կը փորձէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ «Հայաստանն ընդդէմ Ատրպէյճանի» գործով լսումներու ընթացքին հաւասարութեան նշան դնել Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ։

Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ լսումներու ընթացքին ունեցած ելոյթին մէջ Եղիշէ Կիրակոսեանը յիշեցուցած է, որ 2021 թուականի Սեպտեմբեր 16-ին Հայաստանը վարոյթ յարուցած է Ատրպէյճանի դէմ, քանի որ այդ պետութեան կողմէ ցեղապաշտական խտրականութեան աղաղակող քաղաքականութիւն կ’իրականացուի ազգութեամբ հայերու նկատմամբ։

«Ատրպէյճանի երեխաներին դպրոցական դասագրքերում սովորեցնում են ատել եւ սպաննել հայերին։ Պետական լրատուամիջոցները ատելութեան խօսք են տարածում, պետական պաշտօնեաները կոչ են անում ի սպառ վերացնել հայերին։ Դա պետութեան կողմից թոյլատրուած համատարած ցեղապաշտութիւն է»,- ընդգծած է Կիրակոսեանը։

Ան նշած է, որ ցեղապաշտական խտրականութեան այս երկարաժամկէտ պետական քաղաքականութիւնը իր գագաթնակէտին հասած է, երբ Ատրպէյճանը նախայարձակ պատերազմ սանձազերծած է Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ, որուն յայտարարուած նպատակն էր վերացնել եւ վտարել հայերը իրենց հայրենիքէն։

Եղիշէ Կիրակոսեանը կը մէջբերէ կատարել նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի՝ հետագային ըսուած խօսքերէն, ուր վերջինս նշած էր, որ թշնամիի (հայերու) նկատմամբ ատելութիւնը ատրպէյճանցիները յառաջ կը շարժէ։

«44 օր շարունակ ատրպէյճանցի զինուորները սպաննում, խոշտանգում էին էթնիկ հայերին եւ հպարտօրէն նկարահանւում էին իրենց զոհերի առաջ․․․»,- դատարանին յիշեցուցած է Կիրակոսեան՝ յաւելելով, որ այս բռնութիւնը եւ ահաբեկումը Ատրպէյճանի կողմէ օգտագործուեցաւ ԼՂ-ի հայերը ցեղային զտման ենթարկելու եւ առնուազն 30 հազար հայեր իրենց հայրենիքէն վտարելու համար։

ՀՀ ներկայացուցիչը պարզաբանած է, որ այս ամէնէն յետոյ Հայաստանը պատասխան պահանջեց սոյն պայմանագրի ներքոյ եւ դիմեց դատարանին, որպէսզի վերջինս հրատապ պաշտպանէ այն խոցելի հայերը, որոնք դեռեւս չէին սպաննուած եւ չէին վտարուած իրենց հայրենիքէն։

Միեւնոյն ժամանակ, ան յաւելած է․ «Նոյնիսկ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը չկրցաւ կանգնեցնել Ատրպէյճանի ցեղապաշտական քարոզարշաւը, որուն շրջանակին մէջ ցեղային զտում իրականացուեցաւ»։

Ան դատարանին յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանը կը ջնջէ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը՝ ընդգծելով, որ այս բոլոր հանգամանքները պատճառ հանդիսացած են, որպէսզի Հայաստանը դիմէ դատարան։

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի ներկայացուցիչին կողմէ նախօրէին կատարուած յայտարարութիւններուն՝ որոնցմով վերջինս փորձած էր հաւասարութեան նշան դնել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ՝ Կիրակոսեանը այդ անընդունելի համարած է՝ յայտարարելով, որ այդ փորձերը անլուրջ են եւ անամօթ։

Ան նաեւ յաւելած է, որ Ատրպէյճանի համար դժուար է ապացոյցներ ներկայացնել դատարանին, քանի որ անոնք ուղղակի գոյութիւն չունին՝ անուանելով զանոնք հաւասարութիւն դնելու յուսահատ փորձ Ատրպէյճանի կողմէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment