Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ըստ Նախնական Համաձայնութեան, Հայաստանը Առաջին Անգամ Օգնութիւն Պիտի Ստանայ ԵՄ Խաղաղութեան Հիմնադրամէն

Ըստ Նախնական Համաձայնութեան, Հայաստանը Առաջին Անգամ Օգնութիւն Պիտի Ստանայ ԵՄ Խաղաղութեան Հիմնադրամէն

by MassisPost

Պրիւքսէլի մէջ նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Եւրոմիութեան Խաղաղութեան հիմնադրամէն Հայաստանին օգնութիւն տրամադրելու շուրջ։ «Ազատութեան» տրամադրութեան տակ յայտնուած են դիւանագիտական փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայեն՝ Եւրոմիութիւնը կը նախատեսէ Երեւանին 10 միլիոն եւրօ յատկացնել, որ պէտք է ծախսուի 30 ամսուայ ընթացքին։

Գումարը, ըստ փաստաթուղթին, պէտք է տրամադրուի մէկ գումարտակի համար նախատեսուած դաշտային մոտուլային ճամբար ստեղծելու համար, որ պիտի ներառէ նաեւ մէկ բժշկական օգնութեան բժշկական հիմնարկութիւն, ինչպէս նաեւ համապատասխան ծառայութիւններ ու կարողութիւններ։

«Այս աջակցութեան նպատակն է նպաստել, որ Հայաստանի զինուած ուժերը բարձրացնեն դիմադրողականութիւնն ու կայունութեան հաստատման ուղղուած կարողութիւնները, եւ անով իսկ աւելի լաւ պաշտպանեն խաղաղ բնակչութիւնը՝ ճգնաժամերու եւ արտակարգ պատահարներու ժամանակ»,- ըսուած է փաստաթուղթին մէջ։

Եւրոմիութեան այս հիմնադրամը ստեղծուած է 2021-ին։ Նպատակն է միջոցներ տրամադրել, որոնցմով պիտի գնուին ոչ-մահաբեր զինատեսակներ կամ կարողութիւններ՝ աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ խաղաղութեան նպաստելու, հակամարտութիւնները կանխելու եւ միջազգային անվտանգութիւնը ամրապնդելու համար։

Անցած տարիներուն այս հիմնադրամէն օգնութիւն ստացած են, օրինակ, Վրաստանը, Ուքրանիան եւ Մոլտովան, որոնք Միութեան անդամակցելու դիմում ներկայացուցած են։

Սա, սակայն, պարտադիր պայման չէ. յետխորհրդային երեք երկիրներէն բացի Խաղաղութեան եւրոպական գործիքակազմէն օգտուած են նաեւ ափրիկեան շարք մը երկիրներ, այդ շարքին՝ Քոնկօն, Պենինը, Կանան։ Վերջին յատկացումը կատարուած է անցեալ տարուայ Նոյեմբերին, երբ Միութիւնը Կուինէային 21 միլիոն եւրօ յատկացուցած է, Սոմալիին՝ մէկ միլիոն։

Հայաստանը այս հիմնադրամէն օգտուելու դիմում ներկայացուցած էր անցեալ տարուընէ։ Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարը իր հերթին, անցած Հոկտեմբերին, ժամանելով Երեւան, յայտնած էր, թէ անձամբ այս հարցով դիմած է Եւրոմիութեան արտաքին գործերու նախարարին:

«Ես պաշտօնապէս գրաւոր դիմած եմ Եւրոմիութեան ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելին՝ առաջարկելով ներառել Հայաստանը խաղաղութեան եւրոպական մեխանիզմին մէջ, ինչպէս, օրինակ, կ’իրագործուի Մոլտովայի համար», – նշած է ֆրանսացի պաշտօնեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment