Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ ՄԶԳ 33 Միլիոն ԱՄՆ Տոլարի Աջակցութիւն Պիտի Տրամադրէ Հայաստանին

ԱՄՆ ՄԶԳ 33 Միլիոն ԱՄՆ Տոլարի Աջակցութիւն Պիտի Տրամադրէ Հայաստանին

by MassisPost

ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութիւնը (ՄԶԳ) 33 միլիոն ԱՄՆ տոլարի աջակցութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանի ժողովուրդին, տեղեկացուցած է գործակալութեան երեւանեան գրասենեակը՝ նշելով, որ Ուաշինկթընը կը մեծցնէ Հայաստանին տրամադրուող աջակցութիւնը։

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ այս կերպ ԱՄՆ կ’օգնէ վերջին ռազմական գործողութիւններէն յետոյ տեղահանուած անձերու, ամրապնդելու ուժանիւթի ոլորտը, պայքարելու պարէնային անվտանգութեան խնդիրներու դէմ, խթանելու տնտեսական կայունութիւնը, թուային կառավարումն ու տարածաշրջանային համարկումն ու պաշտպանելու մարդու իրաւունքները։

Անցեալ շաբաթ ԱՄՆ ՄԶԳ ղեկավար Սամանթա Փաուըր վերահաստատած էր Հայաստանին աջակցելու ԱՄՆ-ի յանձնառութիւնը։

Փաուըր նշել էր, որ այդ յանձնառութիւնը վերահաստատած է Ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ հայկական պատուիրակութեան հետ հանդիպման ժամանակ՝ ընդգծելով, որ ԱՄՆ պիտի աջակցի Հայաստանի «ժողովրդավարական բարեփոխումներու խորացման, տնտեսութեան ընդլայնման եւ պայծառ ապագայ կառուցելու ձգտումներուն»։

1992 թուականէն ի վեր` Միացեալ Նահանգները մօտ 3,3 միլիառ ԱՄՆ տոլարի
չափով ներդրումներ կատարած է Հայաստանի մէջ՝ ժողովրդավարական
բարեփոխումներուն, տնտեսական աճին եւ դիմակայունութեան աջակցելու,
ինչպէս նաեւ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment