Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «ՀՀ Ղեկավարութիւնը Կ’արտայայտԷ Գաղափարներ, Որոնցմով Փաշինեան Ձեւաւորեց Իր «Ելք» Շարժումը». Լաւրով

«ՀՀ Ղեկավարութիւնը Կ’արտայայտԷ Գաղափարներ, Որոնցմով Փաշինեան Ձեւաւորեց Իր «Ելք» Շարժումը». Լաւրով

by MassisPost

Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով «Իզվեսթիա»-ին տուած հարցազրոյցին կիսուած է Հայաստանի ներկայիս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքական դիրքորոշման փոփոխութեան վերաբերեալ իր դիտարկումներով՝ անոր ընդդիմադիր գործունէութենէն մինչեւ երկրի կառավարման ներկայ շրջանը։ Լաւրով յիշեցուցած է, որ ընդդիմութիւն եղած ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան կը ղեկավարէր «Ելք» կարգախօսով շարժումը՝ ուղղուած Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ) եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն (ԵԱՏՄ) Հայաստանի դուրս գալուն։ Այդ շարժումը, Լաւրովի խօսքով, կապեր ունէր Սորոսի հիմնադրամին հետ։ Այդ կարգախօսով Փաշինեան կրցաւ զօրաշարժի ենթարկել բնակչութիւնը՝ մասնակցելու համար բողոքի ցոյցերուն եւ պահանջելով վարչապետի ընտրութիւններ։

Այսօրուայ դրութեամբ, չնայած Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ առկայ պատմական եւ բարեկամական կապերուն, հայաստանեան քաղաքական խօսոյթին մէջ կը նկատուի տեղաշարժ դէպի Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու ամրապնդում, ընդգծած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարը։ Իրերու այս վիճակը մտահոգութիւն կ’առաջացնէ Ռուսաստանի մէջ, քանի որ,  Լաւրովի խօսքով, այն չի համապատասխաներ հայ ժողովուրդի շահերուն եւ ռուս-հայկական յարաբերութիւններուն։

«Այսինքն՝ ըստ էութեան շրջանը կը փակուի, եւ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը սկսի արտայայտել այնպիսի գաղափարներ, որոնցմով Փաշինեանը ձեւաւորեց իր «Ելք» շարժումը», ըսած է Լաւրով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment