Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Տեղի Ունեցաւ Հնչակեան Կուսակցութեան Պատմութեան Նուիրուած Անգլերէն Հատորի Ներկայացումը

Տեղի Ունեցաւ Հնչակեան Կուսակցութեան Պատմութեան Նուիրուած Անգլերէն Հատորի Ներկայացումը

by MassisPost

Մարտ 14-ի երեկոյեան Փասատինայի ՀԿԲՄ-ի կեդրոնէն ներս՝ կազմակերպութեամբ «Մասիս» Հրատարակչութեան, տեղի ունեցաւ «Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն. Քաղաքականութիւն, Գաղափարախօսութիւն Եւ Միջ-Ազգային Պատմութիւն» Անգլերէն հատորի ներկայացումը:

Երեկոյին ներկայ էին ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան եւ Կեդրոնական վարչութեան այլ անդամներմ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Վազգէն Խոտանեան, Վարիչ Մարմինի անդամներ եւ մեծ թիւով հանդիսատեսներ:

Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի վարչութեան անդամ Ալիսըն Ղաֆարի Միջոցառման բացման խօսքը կատարելով անդրադարձ կատարեց «Մասիս» հրատարակչականի պատմականին եւ ապագայ ծրագիրները, որոնց մէջ ՍԴՀԿ պատմութեան արխիւներու հաւաքագրումը եւ թուայնացումը:

Ընկերուհի Ղաֆարի իր խօսքի աւարտին հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս յարգելու յիշատակը՝ բոլոր Հայ զինուորներուն, որոնք նահատակուեցան Հայրենիքի պաշտպանութեան ճանապարհին:

Ապա խօսք աւար օրուան զրոյցի համադրող՝ Մանուկ Աւետիքեան, որ ներկայիս կը վարէ «Քալիֆորնիոյ պատմութիւնը Հայութեան փորձառութեան ընդմէջէն» բանաւոր պատմութեան հաւաքագրման ծրագիրը: Ան ներկայացուց օրուան բանախօս եւ հատորի խմբագիր՝ Դոկտ. Պետրոս Տէր-Մաթոսեանը, վեր առնելով անոր ակադեմական նուաճումները:

Նեպրասքա-Լինքըն Համալսարանի Միջին Արեւելքի արդի պատմութեան դասախօս Դոկտ. Տէր. Մաթոսեան ներկայացուց գրքի տարբեր բաժինները: Ան անդրադարձաւ ՍԴՀԿ հիմնադրութեան, գաղափարախօսութեան, ներքին տարակարծութիւններուն: Ան յայտնեց, որ  ուսումնասիրութիւններով հատորին իրենց մասնակցութիւնը բերած պատմաբանները՝ ներկայացուցած են Հնչակեան Կուսակցութեան գաղափարախօսական արմատները, որոնք Հայութենէն անդին երթալով ընդգրկած են այլ ազգութիւններու յեղափոխական շարժումները:

Դոկտ. Տէր-Մաթոսեանի ելոյթէն ետք համադրող՝ Մանուկ Աւետիքեան շարք մը հարցումներ ուղղելով   բանախօսին յաւելեալ լուսաբանութիւններ ստանալու առիթ ստեղծեց: Ապա, բանախօսը պատասխանեց ներկաներէ ոմանց հարցումներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment