Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատախազութիւնը Ապարանի Համայնքապետէն Կը Պահանջէ Բռնագանձել Մէկ Տասնեակի Հասնող Անշարժ Գոյք

Դատախազութիւնը Ապարանի Համայնքապետէն Կը Պահանջէ Բռնագանձել Մէկ Տասնեակի Հասնող Անշարժ Գոյք

by MassisPost

ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութեան անունով Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը  03.10.2023 թուականին հայցադիմում ներկայացուցած է Հակափտածութեան դատարան, որով պահանջած է Ապարանի համայնքապետ, նախկին ՀՀԿ-ական  Կարէն Եղիազարեանէն, անոր տիկնոջմէ՝ Սիրուն Սարգսեանէն, եւ մօրմէն՝  Լիանա Եղիազարեանէն, յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձել մօտ մէկ տասնեակի հասնող անշարժ գոյք, ինչպէս նաեւ աւանդ, բաժնեմաս, փոխադրամիջոցներ։

Եղիազարեանը  ամբաստանեալի կարգավիճակ ունի. անոր մեղադրանք առաջադրուած է այն բանին համար, որ ան, «հանդիսանալով Ապարան համայնքի ղեկավար՝ պաշտօնատար անձ, մշտապէս իրականացնելով կազմակերպական-տնօրինչական եւ վարչատնտեսական գործառոյթներ, ապօրինի մասնակցած է ձեռնարկատիրական գործունէութեան, շահադիտական եւ անձնական այլ շահագրգռուածութենէն ելլելով՝ այլ անձերու օժանդակութեամբ, չարաշահած է իր պաշտօնի լիազօրութիւնները, պաշտօնին դիրքը օգտագործելով՝ իւրացման եղանակով կատարած է իրեն վստահուած զգալի չափերով ուրիշի գոյքի յափշտակութիւն, ինչպէս նաեւ կատարած է պաշտօնի վերաբերեալ կեղծիքներ»։ Գործը 2020 թուականէն դատարանն է։

Կ. Եղիազարեանը 2017թ. Նոյեմբերին ընտրուած է Ապարան խոշորացուած համայնքի ղեկավար, 2021թ. Դեկտեմբերին վերընտրուած է նոյն պաշտօնին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment