Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ազատ Արձակուած Են «Սիներճի»-ի Գործով Անցնող Անի Գէորգեանն Եւ Լիլի Մկրեանը

Ազատ Արձակուած Են «Սիներճի»-ի Գործով Անցնող Անի Գէորգեանն Եւ Լիլի Մկրեանը

by MassisPost

Դատախազը փոխած է Անի Գէորգեանի եւ Լիլի Մկրեանի խափանման միջոցը. ըստ դատախազութեան, «նուազած է մեղադրեալներուն կողմէ ոչ-իրաւաչափ վարքագիծ դրսեւորելու հաւանականութիւնը»։

«Սիներճի» ընկերութեան նախկին աշխատակից, Ազգայինն Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եղբօր կինը՝ Անի Գէորգեանն ու «Սիներճի»-ի ներկայ աշխատակից Լիլի Մկրեանը կալանաւորուած էին Տնտեսութեան նախարարութեան ու «Սիներճի» ընկերութեան առնչուող քրէական գործով, մասնաւորապէս, յանցագործութեան օժանդակելու յօդուածով, իսկ յանցանքը, ըստ քննչականին, կատարած են տնտեսութեան նախկին փոխնախարար Անի Իսպիրեանն ու նոյն նախարարութեան եւս երեք աշխատակից, որոնք կը մեղադրուին իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները չարաշահելու յօդուածով։

Տնտեսութեան նախարարութեան ներկայ ու նախկին աշխատակիցները տնային կալանքի տակ են։

Դատախազութիւնը կը յաւելէ. «Հաշուի են առել, որ վերոնշեալ մեղադրեալները ցուցմունքներ են տուել քրէական վարոյթի համար էական նշանակութիւն ունեցող հանգամանքների վերաբերեալ, նրանց մասնակցութեամբ կատարուել են առերեսումներ, ինչի պայմաններում վարոյթի տուեալ փուլում էականօրէն նուազել է մեղադրեալներ Ա.Գ.-ի եւ Լ.Մ.-ի կողմից ոչ-իրաւաչափ վարքագիծ դրսեւորելու, ապացուցման գործընթացին ապօրինի միջամտելու հաւանականութիւնը։ Դատախազը վարոյթն իրականացնող մարմնին յանձնարարել է մեղադրեալներ Ա.Գ.-ի եւ Լ.Մ.-ի նկատմամբ կիրառել համակցուած այլընտրանքային խափանման միջոցներ՝ գրաւ, բացակայելու արգելք եւ երաշխաւորութիւն»։

Անփոփոխ մնացած է «Սիներճի»-ի ընկերութեան հիմանդիր Աշոտ Յովհաննիսեանի նկատմամբ կիրառուած խափանման միջոցը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment