Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ըստ Ատրպէյճանական Կողմին՝ Հայաստանը Պաքուին Փոխանցած Է Ականապատ Դաշտերու 8 Նոր Տեղեկամատեան

Ըստ Ատրպէյճանական Կողմին՝ Հայաստանը Պաքուին Փոխանցած Է Ականապատ Դաշտերու 8 Նոր Տեղեկամատեան

by MassisPost

Ատրպէյճանի ականազերծման պետական գործակալութեան հրապարակած տեղեկատուութեան համաձայն՝ Հայաստանը փոխանցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականապատ դաշտերու 8 նոր տեղեկամատեան:

Կը նշուի, որ անոնք հիմնականին մէջ կ’ընդգրկեն Քարվաճառի Մռավ լեռնաշղթայի շուրջ ինկած տարածքները։

Յիշեցնենք՝ Յունուարի վերջը ՀՀ ԱԱԾ-ն յայտնած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին գտնուող ականապատ դաշտերու մասին 8 նոր տեղեկամայեան միջազգային գործընկերներու միջնորդութեամբ աշխատանքային խողովակներով պիտի փոխանցուի ատրպէյճանական կողմին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment