Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փարիզը «Կրակի Վրայ Պենզին Լեցնելու» Սկզբունքով Կը Նպաստէ Տարածաշրջանին Մէջ Իրավիճակի Սրման

Փարիզը «Կրակի Վրայ Պենզին Լեցնելու» Սկզբունքով Կը Նպաստէ Տարածաշրջանին Մէջ Իրավիճակի Սրման

Ալիեւ Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է

by MassisPost

Ֆրանսան, տարածաշրջանին մէջ ապակառուցողական քաղաքականութիւն վարելով, կ’առաջնորդուի «կրակի վրայ պենզին լեցնելու» սկզբունքով։

Ինչպէս կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ Միջխորհրդարանական միութեան գլխաւոր քարտուղար Մարթին Չունկոնկը ընդունելու ժամանակ:

Նշելով, թէ Ֆրանսան կը հանդիսանայ աշխարհաքաղաքական դաւեր նախաձեռնողը, Ալիեւը նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած է, որ պաշտօնական Փարիզը կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի սրման եւ «հակաատրպէյճանական քաղաքականութիւն» կը վարէ տարբեր միջազգային կազմակերպութիւններ եւ խորհրդարանական մակարդակով:

Ընդգծելով, որ Ֆրանսան կը վարէ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ առաջատար դիրքեր ձեռք բերելու եւ իր ազդեցութիւնը ուժեղացնելու քաղաքականութիւն, Ատրպէյճանի նախագահը նշած է, որ փորձերը այդ ուղղութեամբ ապարդիւն են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment