Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կայացաւ Հայաստանի Ու Ատրպէյճանի Սահմանազատման Հարցերով Յանձնաժողովներու Հանդիպումը

Կայացաւ Հայաստանի Ու Ատրպէյճանի Սահմանազատման Հարցերով Յանձնաժողովներու Հանդիպումը

by MassisPost

Հայ-ատրպէյճանական սահմանի՝ Իջեւան-Ղազախ հատուածին մէջ տեղի ունեցած է սահմանազատման հարցերով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի յանձնաժողովներու նիստը։ Ի տարբերութիւն նախորդ հանդիպման, այս մէկուն վերաբերեալ կողմերը որեւէ մանրամասնութիւն չեն յայտնած:

Երեւանն ու Պաքուն նոյնաբովանդակ հաղորդագրութեամբ միայն տեղեկացուցած են, թէ սա երկու երկիրներու փոխվարչապետերու գլխաւորած յանձնաժողովներուն 6-րդ հանդիպումն էր։

ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան աւելի վաղ յայտնած էր, որ երկու երկիրներու փոխվարչապետերուն գլխաւորած յանձնաժողովներու հանդիպումէն հայկական կողմը յստակութեան ակնկալիք ունի։ Խորհրդարանի խօսնակը ակնարկած էր, թէ կողմերը դեռ ընդհանուր յայտարարի չեն եկած քարտէզներու հարցով:

«Մենք կարող ենք մեթրերի շեղությամբ ցոյց տալ, թէ որտեղ է անցնում Հայաստանի ու Ատրպէյճանի սահմանը։ Ոչ միայն ցոյց տալ ինչ-որ երեւակայական քարտէզներ, այլ իրենց տակ իրաւական հիմք ունեցող քարտէզներով: Եւ մենք լիայոյս ենք, որ կը յաջողուի այսօր ու յետագայում յառաջ գնալ այդ յանձնաժողովի գործունէութեան մէջ», նշեց Սիմոնեան:

Երեւանը կ’առաջարկէ սահմանազատումը ընել խորհրդային ամենաթարմ՝ 1975 թուականի քարտէզներով. մինչդեռ Պաքուն դէմ է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment