Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաքուն Մանիփուլացիա Համարած Է Փաշինեանի՝ Չյարձակելու Մասին Պայմանագիր Ստորագրելու Առաջարկը

Պաքուն Մանիփուլացիա Համարած Է Փաշինեանի՝ Չյարձակելու Մասին Պայմանագիր Ստորագրելու Առաջարկը

by MassisPost

Պաքուն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Ատրպէյճանի հետ սպառազինութիւններու վերահսկման փոխադարձ մեխանիզմ մտցնելու եւ չյարձակման պայմանագիր կնքելու առաջարկը կը համարէ քաղաքական շահարկում եւ կը կարծէ, որ այդ ուղղուած է խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին վրայ աշխատանքէն ուշադրութիւնը շեղելուն։ Այս մասին տեղական լրատուամիջոցներուն ըսած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Այխան Հաճիզատէն։

«Հայաստանի վարչապետին յայտարարութիւնը նպատակ ունի շեղել ուշադրութիւնը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան մասին երկկողմ համաձայնագրի նախագիծի մշակման եւ միջպետական յարաբերութիւններու կառուցման գործընթացէն», ըսած է ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչը։

Անոր խօսքով, չնայած ատրպէյճանական կողմի բազում կոչերուն՝ վերջ դնելու Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան հետ կապուած պահանջներուն, հայկական կողմը տակաւին որեւէ գործնական քայլ չէ ձեռնարկած այդ ուղղութեամբ։ «Այս առումով Հայաստանի առաջարկները, որոնք գործնական նշանակութիւն չունին, տարակուսելի են եւ անընդունելի», ընդգծած է Հաճիզատէն։

Ան նաեւ կը կարծէ, որ Փաշինեանի յայտարարութիւնները՝ խաղաղ գործընթացին իր հաւատարմութեան մասին, քաղաքական մանիփուլացիա են՝ հաշուի առնելով, որ Հայաստանը կը վարէ ռազմականացման լուրջ քաղաքականութիւն, վերջին տարիներուն ստորագրած է զէնք գնելու միլիառաւոր տոլարներու նախագիծեր եւ կը զարգացնէ ռազմական արդիւնաբերութիւնը»։

«Ատրպէյճանը իր հերթին պիտի շարունակէ խաղաղութեան հաստատման իր ջանքերը եւ Հայաստանէն համարժէք քայլեր կ’ակնկալէ ոչ թէ խօսքով, այլ՝ գործով», եզրափակած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամուլի քարտուղարը։

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի կազմաւորման 32-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական միջոցառման ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթին մէջ ըսած էր․ «Մենք նաեւ սահմանի սահմանազատման, այսինքն՝ ապառազմականացում ենք առաջարկել Ատրպէյճանին: Նաեւ սպառազինութիւններու փոխադարձ վերահսկման մեխանիզմ, նաեւ չյարձակման մասին պայմանագրի ստորագրում, եթէ կը պարզուի, որ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագումը սպասուածից աւելի երկար ժամանակ է պահանջելու: Հայաստանի Հանրապետութիւնը հաւատարիմ է խաղաղութեան օրակարգին եւ չի շեղուելու այդ օրակարգից»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment