Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Բարելաւած Է Դիրքերը «Թրանսփարէնսի Ինթերնեշընըլ»ի Փտածութեան Մասին Զեկոյցին Մէջ

Հայաստանը Բարելաւած Է Դիրքերը «Թրանսփարէնսի Ինթերնեշընըլ»ի Փտածութեան Մասին Զեկոյցին Մէջ

by MassisPost

«Թրանսփարէնսի Ինթերնեշընըլ» միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը հրապարակած է փտածութեան ընկալման մասին իր այս տարուան զեկոյց-դասակարգումը: Հայաստանը մէկ միաւորով բարելաւած է իր դիրքերը։

Վաստակելով 47 միաւոր՝ նախորդ տարուան համեմատ Հայաստանը բարելաւած է իր ցուցանիշը մէկ միաւորով փտածութեան ընկալման համաթիւին մէջ` նշուած է «Թրանսփարէնսի Ինթերնեշընըլ» միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութեան լոյս տեսած եւ 2023 թուականին վերաբերող զեկոյցին մէջ։

Ըստ կազմակերպութեան, «2018 թուականի Թաւշեայ յեղափոխութեան յաջորդած երկու տարիներուն Հայաստանը ժողովրդավարական եւ հակափտածութեան զգալի բարեփոխումներ իրականացուցած է։ Այնուամենայնիւ, փտածութեան դէմ պայքարին մէջ յառաջընթացը կանգ առած է՝ առաջին հերթին նոր միջոցառումներու սահմանափակ իրականացման պատճառով: Հայաստանը (ինչպէս տարածաշրջանի բազմաթիւ այլ երկիրներ) կը բախի անվտանգութեան լուրջ սպառնալիքներու, սակայն ունի ներուժ՝ յաղթահարելու այդ մարտահրաւէրները եւ անցնելու փտածութեան արդիւնաւէտ վերահսկման»:

«Թրանսփարէնսի Ինթերնեշընըլ»ի փտածութեան ընկալման 2023 թուականի համթիւին մէջ դասակարգուած են 180 պետութիւններ եւ տարածքներ, ուր 0 միաւորը «բացարձակապէս փտած» վիճակն է, իսկ 100-ը՝ «փտածութենէ զուրկ» միջավայրը։
Ըստ զեկոյցին՝ համաշխարային միջին միաւորը արդէն տասներկու տարիէ կը մնայ անփոփոխ՝ 43, եւ պետութիւններու երկու երրորդին մօտ միաւորներուն քանակը 50-էն ցած է, որ «կը նշանակէ, թէ փտածութիւնը այդ պետութիւններուն մէջ կը հանդիսանայ լուրջ հիմնախնդիր»։

Հրապարակման համաձայն, ութ երկրներ յաջողած են բարելաւել իրենց դիքերը՝ Իրլանտան (77 միաւոր), Հարաւային Քորէան (63 միաւոր), Հայաստանը (47 միաւոր), Վիեթնամը (41 միաւոր), Մալտիվները (39 միաւոր), Մոլտովան (42 միաւոր), Անկոլան (33 միաւոր) եւ Ուզպեքիստանը (33 միաւոր):

Զեկոյցին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու մէջ (69 միաւոր) Գերագոյն դատարանի բարոյագիտութեան թոյլ կանոնները յառաջ քաշած են դատական անաչառութեան հետ կապուած լուրջ հարցեր: Սակայն «Թրանսփարէնսի Ինթերնեշընըլ»ի կարծիքով, ԱՄՆ դաշնային եւ նահանգային դատական համակարգերը, հիմնականին մէջ, կը շարունակեն գործել համապատասխան անկախութեամբ՝ զերծ մնալով գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններու միջամտութենէն, իսկ ԱՄՆ նախկին նախագահին եւ ներկայիս նախագահին որդիին դէմ դատական գործերը կ’ընթանան «համապատասխան եւ անկախ դատական խողովակներով»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment