Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Եւ Խաւիեր Քոլոմինա Քննարկած Են Հայաստան-ՆԱԹՕ Համագործակցութեան Առնչուող Հարցեր

Նիկոլ Փաշինեան Եւ Խաւիեր Քոլոմինա Քննարկած Են Հայաստան-ՆԱԹՕ Համագործակցութեան Առնչուող Հարցեր

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիեր Քոլոմինան: Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:

Վարչապետը անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգային իրավիճակին, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն ու խաղաղութեան գործընթացին՝ համաձայն նախապէս համաձայնեցուած հանրայայտ սկզբունքներուն։

Զրուցակիցները մտահոգութիւն յայտնած են Ատրպէյճանի նախագահի վերջին յայտարարութիւններուն առնչութեամբ, որոնք կը հակասեն բանակցութիւններու ամբողջ տրամաբանութեան եւ կը նպաստեն տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան:

Այս ծիրին մէջ, վարչապետը կարեւորած է միջազգային հանրութեան հասցէական արձագանգն ու գործողութիւններուն անհրաժեշտութիւնը՝ ուղղուած Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment