Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Զանգեզուրի Միջանցք»ի Մասին Երբեք Խօսք Չէ Եղած Փութինի, Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Եռակողմ Պայմանաւորուածութիւններուն Մէջ. Լաւրով

«Զանգեզուրի Միջանցք»ի Մասին Երբեք Խօսք Չէ Եղած Փութինի, Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Եռակողմ Պայմանաւորուածութիւններուն Մէջ. Լաւրով

by MassisPost

Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու շրջանակին մէջ երբեք խօսք չէ եղած «Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին։ Այս մասին մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովը՝ մեկնաբանելով հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։

«Իսկապէս, վերջին օրերուն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները իրենց հրապարակային մեկնաբանութիւններուն մէջ անդրադարձած են Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապեր հաստատելու թեմային։ Փաշինեան ըսած է, որ Հայաստանը կտրականապէս դէմ է «Զանգեզուրի միջանցք»ին։ «Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին երբեք խօսք չէ գացած այն պայմանաւորուածութիւններու շրջանակին մէջ, որոնք ձեռք բերուած են նախագահ Փութինի, Ալիեւի եւ Փաշինեանի կողմէ», ըսաւ ան։

Անոր խօսքով՝ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած յայտարարութեան մէջ, որ դադրեցուցած է պատերազմը, ըսուած է, որ բոլոր տնտեսական եւ ճանապարհային փոխադրութեան կապերը պիտի ապաշրջափակուին։ Միաժամանակ Հայաստանը կ’երաշխաւորէ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ ճանապարհային հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը երկու ուղղութիւններով, իսկ այդ ճանապարհային հաղորդակցութեան նկատմամբ վերահսկողութիւնը կ’իրականացնեն Ռուսիոյ ԱԴԾ սահմանապահ ծառայութեան մարմինները։

«Սա մէջբերում է այն փաստաթուղթէն, որ եռակողմ ձեւաչափով ստորագրուած է 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին», ըսած է Լաւրով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment