Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութինը Արտօնեց Ատրպէյճանին Եւ Թուրքիոյ՝ Ետ Վերցնել Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Տարածքները․ «Էքոնոմիսթ»

Փութինը Արտօնեց Ատրպէյճանին Եւ Թուրքիոյ՝ Ետ Վերցնել Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Տարածքները․ «Էքոնոմիսթ»

by MassisPost

«Էքոնոմիսթ»-ը առանձնացուցած է 2024-ին կայանալիք կարեւորագոյն իրադարձութիւններն ու հնարաւոր վտանգները, որ այս կամ այն կերպ պիտի փոխեն կեանքը մոլորակին վրայ։ Հարաւային Կովկասի մասին բրիտանական պարբերականը գրած է. «2020-ին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը արտօնեց Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ՝ ետ վերցնել Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տարածքները։ Միաժամանակ, սեփական՝ խաղաղապահ զօրքը տեղակայեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, իբրեւ թէ հայերը պաշտպանելու, իսկ իրականութեան մէջ՝ սեփական ազդեցութիւնը պահպանելու համար: Բայց, երբ եկաւ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմելու ժամանակը, Փութինը նախընտրեց յարաբերութիւնները Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի հետ, քան՝ աղքատ, ժողովրդավարական Հայաստանի, եւ թոյլ տուաւ Ատրպէյճանին մաքրել Լեռնային Ղարաբաղը հայերէ, որոնք յոյս դրած էին Մոսկուայի պաշտպանութեան վրայ»։

«Արցախահայերուն դաւաճանելէ բացի Ռուսաստանը յոյս ունի նաեւ շահարկել անոնց գաղթը՝ Հայաստանի մէջ վարչակարգի փոփոխութիւն հրահրելու համար: Փութինը նաեւ յոյս ունի պահպանել այնտեղ ազդեցութիւնը՝ վերահսկելով Թուրքիան Ատրպէյճանի հետ կապող միջանցքը, որ կրնայ անցնիլ Հայաստանով»։

Հեղինակաւոր պարբերականը միաժամանակ կը նկատէ, որ այժմ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան իրենց ձեռքը վերցուցած են բոլոր խաղաքարտերը եւ չեն պատրաստուիր անհարկի զիջումներ ընելու Մոսկուային։ Միւս կողմէ, Թուրքիան ու Ատրպէյճանը նաեւ չեն ուզեր Արեւմուտքի կողմը անցնիլ: «Անգարան ու Պաքուն կ’ուզեն իրենց սեփական ուժային յենակէտը ստեղծել Կովկասի մէջ», կը գրէ «Էքոնոմիսթ»-ը՝ յաւելելով․- «Ուքրանիոյ դէմ Ռուսաստանի պատերազմի հետեւանքներէն մէկը միջին քաշային պետութիւններու, օրինակ՝ Թուրքիոյ վերելքն է, միւսը՝ Քրեմլինի ազդեցութեան թուլացումը յետխորհրդային աշխարհին մէջ»։

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment