Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դադրեցուեցաւ Ռոպերթ Քոչարեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդումը՝ Վաղեմութեան Ժամկէտը Լրանալու Հիմքով

Դադրեցուեցաւ Ռոպերթ Քոչարեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդումը՝ Վաղեմութեան Ժամկէտը Լրանալու Հիմքով

by MassisPost

Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի Շէնգաւիթ նստավայրին մէջ հրապարակուեցաւ Ռոպերթ Քոչարեանի միջնորդութեան որոշումը։ Ան դատարանին միջնորդած էր դադրեցնել իր նկատմամբ քրէական հետապնդումը՝ վաղեմութեան ժամկէտը լրանալու հիմքով։

Յիշեցնենք, որ վաղեմութեան ժամկէտը լրացած էր Մայիս ամսուն, սակայն այդ ժամանակ Քոչարեանը չէր համաձայնած վաղեմութեան ժամկէտը լրանալու հիմքով քրէական հետապնդման դադրեցման, պնդած էր, որ գործը շարունակուի, չէր ընդունած մեղքը եւ կ’ակնկալէր արդարացնող դատավճիռ։ 7 ամիս անց ան զղջացած է։

Թէ ինչու փոխուած էր անոր դիրքորոշումը՝ Ռոպերթ Քոչարեանը չէր պատասխանած։ Դատաւոր Աննա Դանիբեկեանը դադրեցուց Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումը՝ վաղեմութեան ժամկէտը լրանալու հիմքով։ Որոշեց Քոչարեանի նկատմամբ կիրառուած խափանման միջոց 2 միլիառ դրամ գրաւի գումարը վերադարձնել Գայիանէ Քոչարեանին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment