Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողով Հռոմի Մէջ

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողով Հռոմի Մէջ

by MassisPost

Հինգշաբթի, 30 նոյեմբերին եւ ուրբաթ, 1 դեկտեմբերին, Հռոմի Արեւելագիտութեան քահանայապետական հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ «Շնորհքներու լիութիւն, մարդասիրութեան լիութիւն. Ս. Ներսէս Շնորհալին հազարամեակներու խաչմերուկին» միջազգային գիտաժողովը: Այն կազմակերպուած էր Սբ. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-ամեակի ոգեկոչման ծիրէն ներս: Նշենք, որ նախատեսուած այլ ձեռնարկներ` Հռոմի եւ Վատիկանի տաճարին մէջ, յետաձգուեցան անորոշ ժամանակով:

Գիտաժողովի նիստերուն ընթացքին ներկայացուեցան, Սբ. Ներսէս Շնորհալիի ծաւալած բազմաբնոյթ գործունէութիւնը, արժեւորելով անոր բանաստեղծական, երաժշտական, մեկնողական եւ սրբախօսական ստեղծագործութիւնները, հովուական առաքելութիւնը եւ ջանքերը ի նպաստ քրիստոնէական միասնութեան: Բանախօսները փորձեցին վեր հանել Շնորհալիի աստուածաբանական մտքի խորութիւնն ու տիեզերական հայեացքներու ընդարձակութիւնը եւ անոր միանգամայն եզակի, բացառիկ դիրքը քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ:

Այս նիւթերուն շուրջ ելոյթներով հանդէս եկան յայտնի փորձագէտներ` կարտինալ Քլաուտիոյ Կուճերոթթին, Պօղոս Լեւոն Արք. Զէքիյեան, Անոյշաւան Արք. Դանիէլեան, Դանիէլ Եպս. Ֆնտգեան, Վահան Տէր-Ղեւոնդեան, Մարքօ Պայս, Ազատ Պոզոյեան, Վալենթինա Քալցոլարի, Պենետէտտա Գոնտին, Փիթեր Քաուին, Ռոպերթա Էրուին, Ռիքարտօ Փանէ, Սերճօ Լա Փորթա, Հայկ Ււթիւճեան, Արմենուհի Տրոստ-Աբգարեան, Զարուհի Պօղոսեան, Արմինէ Մելքոնեան, Ճեսի Առլէն, Էտա Վարդանեան, Էռնա Շիրինեան եւ Աբրահամ Տէրեան:

Գերշ․ Տ․ Դանիէլ Եպս. Ֆնտգեան փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութիւնը, իսկ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի օրհնութիւնը բերաւ Գերշ. Տ․ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, որ նաեւ ընթերցեց Անոյշաւան Արք. Դանիէլեանի զեկոյցը:

Գիտաժողովը կազմակերպած էին Պօղոս Լեւոն Արք. Զէքիյեան, փրոֆեսորներ` Մարքօ Պայս, Ժելքօ Փաշա, Զարուհի Պօղոսեան, Աբրահամ Տէրեան, Խաժակ Արք. Պարսամեանի հիմնարար աջակցութեամբ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի ֆինանսական օգնութեամբ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment