Դեկտեմբեր 13-ին, Հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ գերիներու փոխանակում: Ատրպէյճան Հայկական կողմին յանձնեց 32 Հայ զինուորներ, իսկ Հայաստան յանձնեց 2 ատրպէյճանցիներ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ 32 գերիները կը գտնուին Հայկական հողի վրայ եւ այժմ կ’ենթարկուին բժշկական ստուգման, որմէ ետք անոնք պիտի միանան իրենց հարազատներուն:
Ըստ հայաստանցի իրաւապաշտպաններուն, այժմ Պաքուի մէջ կը պահուն 23 հայեր, որոնց շարքին Արցախի նախկին ղեկավարները:
Անցեալ շաբաթ կողմերը յայտնած էին գերիներու փոխանակման շուրջ համաձայնութեան մասին:

