Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հնդկաստանը Պիտի Շարունակէ Համագործակցութիւնը Հայաստանի Հետ Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ

Հնդկաստանը Պիտի Շարունակէ Համագործակցութիւնը Հայաստանի Հետ Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ

by MassisPost

Հնդկաստանը պիտի շարունակէ համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ։ Լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսաւ Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նիլաքշի Սահա Սինհան։

«Երբ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ կը համագործակցինք որեւէ երկրի հետ, այդ միայն տեխնիկական համագործակցութիւն չէ, այլ նաեւ կարողութիւններու զարգացում։ Այսպիսով, մենք պիտի շարունակենք այդ համագործակցութիւնը», ըսաւ դեսպանը։

Իրանը եւ Հնդկաստանը սերտօրէն կը համագործակցին Հիւսիս-Հարաւ միջանցքի շրջանակին մէջ, մենք պատրաստ ենք աշխատելու Հայաստանի հետ Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհային միջանցքի շրջանակին մէջ եւ հասկանալու, թէ ինչ շահ կրնայ այն բերել երկրին։ Այս մասին «Նոր տարածաշրջանային իրողութիւններ» եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» համաժողովին, Դեկտեմբեր 5-ին, ըսած է Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նիլաքշի Սահա Սինհան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment