Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արմէն Գրիգորեան Ուաշինկթընի Մէջ Քննարկած Է Պաշտպանական Համագործակցութեան Հարցեր

Արմէն Գրիգորեան Ուաշինկթընի Մէջ Քննարկած Է Պաշտպանական Համագործակցութեան Հարցեր

by MassisPost

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ԱՄՆ աշխատանքային այցի ընթացքին հանդիպումներ ունեցած է ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվանի, պաշտպանութեան քարտուղարի փոխտեղակալ Լաուրա Քուփերի հետ:

Ըստ հայկական կողմին՝ Սալիվանի հետ Գրիգորեան քննարկած է անվտանգային եւ տնտեսութեան ոլորտներու երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր, անդրադարձած է տարածաշրջանային անվտանգային իրավիճակին, վերահաստատած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան գործընթացը շարունակելու Հայաստանի յանձնառութիւնը:

Լաուրա Քուփերի հետ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են երկկողմ պաշտպանական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր, ընդգծած են տարածաշրջանի կայունութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը, միտքեր փոխանակած են երկկողմ համատեղ ծրագրերու իրականացման շուրջ, ընդգծած են խաղաղապահ գործունէութեան շրջանակներուն մէջ համագործակցութիւնը եւ փոխգործակցման խորացումը երկու երկիրներու զինուած ուժերուն միջեւ:

Գրիգորեան Դեկտեմբեր 2-ին մեկնած է Միացեալ Նահանգներ՝ քննարկելու ՀՀ-ԱՄՆ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման օրակարգը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment