Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եթէ Հայաստանի Ինքնիշխանութիւնը Չյարգուի, Հետեւանքներ Պիտի Ըլլան Զայն Խախտողներուն Համար. Սթանօ

Եթէ Հայաստանի Ինքնիշխանութիւնը Չյարգուի, Հետեւանքներ Պիտի Ըլլան Զայն Խախտողներուն Համար. Սթանօ

by MassisPost

Տրամաբանական կը համարեմ, որ իւրաքանչիւր երկիր ինքնիշխան, անկախ քայլեր կը ձեռնարկէ իրեն պաշտպանելու համար, այդ կը նշանակէ նաեւ ուժեղացնել բանակը եւ ռազմական օգնութիւն ստանալ այնտեղէն, ուրկէ անոնք կ’որոշեն: Այս մասին «Արմէնփրես»ին  տուած հարցազրոյցին նշած է Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով գլխաւոր խօսնակ Փեթեր Սթանօն՝ անդրադառնալով անոր, որ  Ատրպէյճանը կը քննադատէ Հայաստանի սպառազինուիլը, մինչդեռ ինք երեք անգամ աւելի մեծ ռազմական պիւտճէ ունի եւ զինամթերքով բեռնները չեն դադրիր վայրէջք կատարելէ Պաքուի օդակայան։

«Այնպէս որ, երկիրները կը ստանան ռազմական աջակցութիւն իրենց գործընկերներէն, տարբեր շուկաներէ: Անոնք կրնան այդ ստանալ՝ կախուած իրենց յարաբերութիւններէն: Սա իւրաքանչիւր անկախ եւ ինքնիշխան երկրի իրաւունքն է, եւ ոչ ոք իրաւունք ունի խառնուելու անոր, քանի դեռ կը պահպանուին բոլոր միջազգային օրէնքներն ու համաձայնագրերը», ըսած է ան:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին աջակցելու մասին յայտարարութիւններուն, Սթանօ նշած է. «Մեր աջակցութիւնը կամ այն, ինչ ըսած է Եւրոմիութիւնը Հայաստանին աջակցելու առումով, կապ չունի Հայաստանը զինելու հետ։ Մենք պարզապէս կը փափաքինք մեծցնել կամ աջակցիլ Հայաստանին իր ժողովրդավարական հիմնարկները ամրապնդելու եւ որեւէ տեսակի սպառնալիքներէն ինքզինք պաշտպանելու կարողութեան հարցով։ Այսինքն՝ մենք շատ յստակ ըսած ենք, որ մենք ամուր կանգնած ենք Հայաստանի անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան կողքին։ Սա ոչ միայն Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու, այլեւ միջազգային բոլոր յարաբերութիւններու հիմնաքարերէն մէկն է»:

Ան յաւելած է, որ պէտք է յարգել Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը. «Եթէ այն չյարգուի, հետեւանքներ պիտի ըլլան զայն խախտողներուն համար։ Սա Եւրոմիութեան շատ յստակ դիրքորոշումն է։ Երկրորդ՝ մեր աջակցութիւնը Հայաստանին այն է՝  օգնել ներկայ իրավիճակին մէջ ամրապնդելու ժողովրդավարական հիմնարկները եւ անոնց կարողութիւնները, ճկունութիւնը, եւ ոչ թէ զինելը։ Այնպէս որ, իւրաքանչիւր ոք, որ կը քննադատէ Եւրոմիութիւնը, թէ ինչ կ’ընենք Հայաստանի հետ կապուած, պէտք է փորձէ  գուցէ երկու անգամ վերանայիլ եւ հասկնալ, թէ ինչ կ’ընենք եւ ինչ կ’ըսենք, քանի որ այն, ինչ մենք կ’ընենք Հայաստանի հետ, որեւէ կերպ ուղղուած չէ ուրիշին դէմ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment