Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ Սերժ Սարգսեանէն Ու Միւսներէն Բռնագանձել Մօտ Կէս Միլիառ Դրամ

Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ Սերժ Սարգսեանէն Ու Միւսներէն Բռնագանձել Մօտ Կէս Միլիառ Դրամ

by MassisPost

Գլխաւոր Դատախազութիւնը կը պահանջէ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանէն ու միւսներէն բռնագանձել մօտ կէս միլիառ դրամ: Սա ճիշդ այն գումարին չափն է, որուն յափշատկութեան համար կը մեղադրուին պաշտօնաթող նախագահը եւ միւսները վառելանիւթի գործով:

Հերթական դատական նիստը այդ պատճառով յետաձգուեցաւ: Սարգսեանի փաստաբանները երկու շաբաթ խնդրեցին հայցին ծանօթանալու եւ իրենց առարկութիւնները ներկայացնելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment