Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուի Քարոզած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի Հայեցակարգը Հայաստանի Դէմ Նոր Պատերազմի Նախապատրաստութիւն Է. Փաշինեան

Պաքուի Քարոզած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի Հայեցակարգը Հայաստանի Դէմ Նոր Պատերազմի Նախապատրաստութիւն Է. Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի Խաղաղութեան համաժողովին յայտարարեց, որ Պաքուի քարոզած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի հայեցակարգը Հայաստանի դէմ նոր պատերազմի նախապատրաստութիւն է։ Փաշինեանը համաժողովի մասնակիցները զգուշացուց՝ թէեւ Երեւանն ու Պաքուն մօտ են խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելուն, բայց լուրջ հարցեր յառաջացած են Ատրպէյճանի անկեղծութեան վերաբերեալ։

«Բայց դա չի սասանում մեր հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին, եւ մենք յոյս ունենք, որ յառաջիկայ ամիսներին կը ստորագրենք խաղաղութեան պայմանագիր Ատրպէյճանի հետ», ըսաւ ան։

Վարչապետը ընդգծեց, որ պայմանագրի հիմքին պէտք է դրուին Պրիւքսէլի մէջ համաձայնեցուած երեք սկզբունքները՝ միմեանց տարածքային ամբողջականութեան ճանաչում քառակուսի քիլոմեթրերով, անվերապահ հաւատարմութիւն Ալմա-աթայի հռչակագրին՝ որպէս սահմանազատման քաղաքական շրջանակ եւ ճանապարհային կապերու ապաշրջափակում՝ ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներով։

«Եւ եթէ Ատրպէյճանը չմերժի այդ սկզբունքները, դա կը նշանակի, որ յառաջիկայ ամիսներին Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը շատ իրատեսական է դառնում։ Ցաւօք, Ատրպէյճանի նախագահը հրաժարուեց մասնակցել անցեալ ամիս Կրանատայում կայացած հնգակողմ հանդիպմանը։ Հոկտեմբերին Պրիւքսէլում նախատեսուած եռակողմ հանդիպումը չկայացաւ, եւ ես յաջորդ հանդիպման հրաւէր չեմ ստացել Շարլ Միշէլից։ Յոյսով եմ, որ Եւրամիութեան մեր գործընկերները հաւատարիմ են իրենց պարտաւորութիւններին», նշեց ան։

Դահլիճէն Փաշինեանին արձագանգեց Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանը՝ պնդելով, որ Կրանատայի բանակցութիւններուն չեղարկումը պայմանաւորուած էր Փարիզի յայտարարութիւններով, թէ զէնք պիտի մատակարարեն Երեւան, բացի անկէ, մերժուած էր Թուրքիոյ մասնակցութիւնը հնգակողմ ձեւաչափին։ Փաշինեան ի պատասխան յիշեցուց՝ Ատրպէյճանի ռազմական պիւտճէն Հայաստանի այդ ծախսերէն եռակի աւելի է։

Վարչապետը համաժողովի ամպիոնէն հրապարակեց վերջին երեք տասնամեակին բռնի տեղահանուած հայերու թիւը՝ 500 հազար, որմէ 360 հազարը 90-ականներուն Սումգայիթի ու Պաքուի ջարդերուն հետեւանքով փախստական դարձած են, 26 հազար մարդ 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով հեռացած է Լեռնային Ղարաբաղէն, իսկ լայնածաւալ վերջին յարձակման եւ ցեղային զտումներու հետեւանքով մէկ շաբթուան ընթացքին շուրջ 105 հազար հայեր ստիպուած եղած են լքել տները. «Բայց միջազգային հանրութիւնը համարժէք միջոցներ չձեռնարկեց, եւ մենք չենք կարող մեղադրել այն մարդկանց, ովքեր պնդում են, որ հայերի բռնի տեղահանումը Լեռնային Ղարաբաղից տեղի է ունեցել որոշ միջազգային խաղացողների լուռ կամ քուլիսային համաձայնութեամբ»։

Վարչապետը Վրաստանի պաշտօնակից Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ կը մասնակցէր Կովկասի մէջ խաղաղութեան թեմայով քննարկման։ Փաշինեան ներկայացուց Երեւանի հեղինակած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը՝ որպէս Ատրպէյճանը, Հայաստանը եւ Թուրքիան երկաթուղիներով, ճանապարհներով, մալուխներով, կազատարներով կապելու հնարաւորութիւն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment