Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանն Ու Իրանը Կրնան Եռապատկել «Կազ՝ Ելեկտրականութեան Դիմաց» Ծրագրի Ծաւալները․ Դեսպան

Հայաստանն Ու Իրանը Կրնան Եռապատկել «Կազ՝ Ելեկտրականութեան Դիմաց» Ծրագրի Ծաւալները․ Դեսպան

by MassisPost

Հայաստանն ու Իրանը կրնան աւելցնել «Կազ՝ ելեկտրականութեան դիմաց» ծրագրի ծաւալները։ Այդ մասին «Սիվիլնեթ»ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին։

«Երկու երկիրներուն միջեւ առկայ է կազի գիծ եւ մենք երկու ամիս առաջ երկարաձգեցինք «Կազ՝ ելեկտրականութեան դիմաց» պայմանագիրը: Այդ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ մեծ եւ ռազմավարական քայլ էր: Այդ պայմանագրին շնորհիւ մենք պիտի կարենանք աւելցնել Հայաստանէն ելեկտրականութեան ներմուծումը կազի դիմաց, եռապատկել կամ նոյնիսկ քառապատկել զայն: Շատ լաւ ծրագրեր ունինք Հայաստանի հետ: Ունինք երրորդ ելեկտրահաղորդման գիծը, որ յոյսով եմ յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին աւարտին պիտի հասցուի», ըսած է ան։

Դեսպանը յիշեցուցած է, որ նախորդ տարի Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը 711 միլիոն տոլար կազմած է։ Ան յոյս յայտնած է, որ այս տարի այդ թիւը մօտ մէկ միլիառի պիտի հասնի:

«Կայ նաեւ Ագարակ-Քաջարան 32 քիլոմեթրնոց ճանապարհի նախագիծը, որ նոյնպէս ռազմավարական կարեւորութեան է եւ ամենամեծ նախագիծն է, որ կնքուած է Հայաստանի կառավարութեան եւ իրանեան ընկերութիւններուն միջեւ: Մենք միշտ խրախուսած ենք ուրիշ իրանեան ընկերութիւնները, որ գան Հայաստան եւ օգտուին Հայաստանի մէջ աշխատանքի լաւ հնարաւորութիւններէն, այստեղ արտադրեն եւ արտահանեն ուրիշ երկիրներ: Ընդհանուր առմամբ, կրնամ ըսել, որ մեր առեւտրային եւ տնտեսական կապերը զարգացման լաւ յարաշարժութիւն ունին եւ մենք վճռականօրէն պիտի շարունակենք այդ ուղին», նշած է Սոպհանին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment