Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դարձեալ Քաղաքական Ահաբեկչութեան Մասին

Դարձեալ Քաղաքական Ահաբեկչութեան Մասին

by MassisPost

Անցեալ շաբաթ, մեր այս սիւնակով գրած էինք 1999 թուականի Հոկտեմբեր 27-ին Ազգային Ժողովի դահլիճէն ներս տեղի ունեցած ահաբեկչութեան մասին, որուն զոհ գացին Խորհրդարանի եւ կառավարութեան ղեկավարութիւնը՝ անշրջելի հարուած հասցնելով Հայաստանի հեղինակութեան ու պետականութեան: Այդ առթիւ յոյս կը յայտնէինք, որ նման երեւոյթներ կրկնութիւն չեն ունենար: Սակայն, դժբախտաբար տակաւին  կան ուժեր, որոնք կը շարունակեն գործել «նպատակը կ՛արդարացնէ միջոցը» սկզբունքով ու պատրաստ են դիմելու ծայրայեղ քայլերու:

Վերջին օրերուն Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը հաղորդեց, որ բացայայտուած է ահաբեկչութեան նախապատրաստութիւն, որ կը ծրագրէր  կազմալուծել իշխանութեան գործունէութիւնը՝ պայթում եւ  սպանութիւն կատարելով: Ահաբեկչական այս գործողութիւնը ունեցած է նաեւ «Հիւսիսային տերեւաթափ» անուանումը: Ձերբակալուածները առ այժմ հինգ հոգի են, սակայն կը կարծուի որ, կան նաեւ այլ մեղսակիցներ: Խուզարկութեանց ընթացքին գրաւուած փաստաթուղթերուն մէջ  նշում կայ  Ժիրայր Սէֆիլեանի գլխաւորած Ազգային Ժողովրդավարական Բեւեռ կազմակերպութեան:

ԱԱԾ-ի կողմէ հարցաքննուելէ ետք Սէֆիլեան կը հերքէ իրենց կապը ձերբակալուածներուն հետ: Այս առթիւ Փաշինեանին ուղղելով իր խօսքը ան կ՛ըսէ. «Վստահ եղիր, որ մենք քո ետեւից հինգ հոգով չենք գալու, գալու ենք տասնեակ հազար մարդկանցով»: Սեֆիլեան եւ իր նմանները պէտք է հաւատարիմ ըլլան այդ սկզբունքին եւ տասնեակ հազարներով հաւաքուին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ եւ այդ ատեն  թերեւս  հասնին իրենց ձգտած իշխանափոխութեան: Սակայն, վերջին տարիներուն Բեւեռը ամենէն շատ կարողացած է հաւաքել մի քանի հարիւր հոգի:

Հոս կարժէ յիշեցնել որ, մինչեւ 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութիւնը Ժիրայր Սէֆիլեանը եւ իր «Սասնայ Ծռերու» ընկերներէն շատեր կը գտնուէին նախկին ռեժիմի բանտերուն մէջ: Անոնք ազատ արձակուեցան նոր իշխանութեան հաստատուելէն ետք միայն, սակայն առաջին օրէն իսկ անհասկնալի պատճառներով հակադրուեցան Փաշինեանին: Հետագային, 44-օրեայ պատերազմի պարտութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը բեռցնելով անոր վրայ դարձան աւելի ծայրայեղական իրենց հրապարակային ելոյթներուն մէջ: Հետեւաբար, Բեւեռի անուան արծարծումը այս վերջին իրադարձութեան առթիւ, այդքան ալ զարմանալի չի թուիր:

Սեպտեմբերի վերջը հաղորդուեցաւ նաեւ որ, Երեւանի նախկին քաղաքապետ Ալպերթ Բազէեան, որ կը նկատուէր նախկին իշխանութիւններուն ընդդիմացող գլխաւոր գործիչներէն մին, «Խաչակիրներ ռազմահայրենասիրական» հասարակական կազմակերպութեան անդամներուն հետ ծրագրած էր գրաւել իշխանութիւնը:

Վերջերս մեղադրանք առաջադրուած է նաեւ նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեանին՝ բռնութեան Կոչեր հնչեցնելու համար: Ան ընդդիմադիր մէկ այլ կազմակերպութեան հաւաքի ընթացքին ակնարկելով երկրի վարչապետին բառացի ըսած է. «էդ մարդուն, վերջացրէք արա, վերացրէք էդ իշխանութիւնը ձեր ուժով, ձեր թափով»:

Նման յայտարարութիւններ պարզ, վերացական խօսքեր չեն եւ չեն տեղաւորուիր խօսքի ազատութեան սահմաններուն մէջ: Անոնք կրնան ունենալ լուրջ հետեւանքներ, ինչպէս  ցոյց կու տան նախապատրաստուող  ահաբեկչական գործողութիւններու մասին վերջին բացայայտումները:

Հայաստան ժողովրդավարական երկիր է, ուր քաղաքական տարբեր հայեացքներ ունեցողները կը վայելեն նոյն ազատութիւնները: Անոնք բոլորն ալ ունին իրաւունք՝ իշխանութեան ձգտելու համար: Սակայն, այդ նպատակը պէտք է փորձել իրականացնել բացառապէս ընտրութիւններու միջոցաւ: Երեւանի վերջին ընտրութիւնները ցոյց տուին որ, ընդդիմադիր ուժերը առիթը ունէին մայրաքաղաք Երեւանի մէջ իշխանափոխութիւն իրականացնելու, սակայն ներքին պառակտումները պատճառ դարձան որ, անոնք ձախողին իրենց նպատակին մէջ:

Ժամանակն է որ, Հայաստանի բոլոր քաղաքական ուժերն ու խմբաւորումները հրապարակաւ յայտարարեն, որ կը մերժեն բռնութեան բոլոր տեսակի կոչերն ու քայլերը: Ահաբեկչութեան փորձերը պէտք է վերջնականապէս դուըս մղուին մեր կեանքէն, որպէսզի ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացուի սահմաններուն կանգնած թուրք-ազերի թշնամիներու նկրտումներուն դէմ:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment