Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Երեւանը Հնդկական Սպառազինութեան Նոր Խմբաքանակ Կը Գնէ»․ Еurasian Times

«Երեւանը Հնդկական Սպառազինութեան Նոր Խմբաքանակ Կը Գնէ»․ Еurasian Times

by MassisPost

«Երեւանը հնդկական սպառազինութեան նոր խմբաքանակ կը գնէ», հաղորդած է Տելհիի մէջ լոյս տեսնող «The Еurasian Times» պարբերականը։

Հնդկական լրատուամիջոցին տեղեկութիւններով՝ պաշտօնական Երեւանը Հայտերապատ քաղաքին մէջ գործող Zen Technologies ընկերութեան հետ անօդաչու թռչող սարքերու դէմ պայքարի համակարգեր ձեռք բերելու շուրջ պայմանագիր ստորագրած է, որուն ընդհանուր արժէքը կը կազմէ 41,5 միլիոն ամերիկեան տոլար։

«Zen Technologies-ի հակատրոնային համակարգը իր արդիւնաւէտութիւնը ապացուցած արհեստագիտութիւն է, որն արդէն իսկ կ’օգտագործուի Հնդկաստանի Զինուած ուժերուն կողմէ», ըսած է «The Еurasian Times»-ի աղբիւրներէն մէկը՝ ընդգծելով, որ «Հայաստանի մէջ գիտակցած են, որ եթէ հնդկական բանակը այդ համակարգերը կը կիրառէ, ուրեմն անոնք պէտք է, որ լաւը ըլլան»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment