Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ G7-ի Երկիրներու Արտաքին Գործերու Նախարարները Ատրպէյճանին Կոչ Ըրած Են Լիովին Կատարելու Միջազգային Մարդասիրական Իրաւունքով Ստանձնած Իր Պարտաւորութիւնները

G7-ի Երկիրներու Արտաքին Գործերու Նախարարները Ատրպէյճանին Կոչ Ըրած Են Լիովին Կատարելու Միջազգային Մարդասիրական Իրաւունքով Ստանձնած Իր Պարտաւորութիւնները

by MassisPost

Թոքիոյի մէջ կայացած G7-ի երկիրներու արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպման ժամանակ քննարկուած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէն հայերու բռնի տեղահանման հետեւանքները: Արտաքին գործերու նախարարները հրապարակած են յայտարարութիւն, որուն մէջ կը նշուի.

«Մենք լրջօրէն մտահոգուած ենք Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած ռազմական գործողութենէն յետոյ Լեռնային Ղարաբաղէն հայերու տեղահանման մարդասիրական հետեւանքներով: Ատրպէյճանին կոչ կ’ընենք լիովին կատարելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքով ստանձնած  պարտաւորութիւնները եւ կ’ողջունենք միջազգային ջանքերը՝ ուղղուած տեղահանուածներու անյետաձգելի մարդասիրական կարիքները բաւարարելուն: Կ՛ընդգծենք մեր աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն ու տեւական խաղաղութեան հաստատման՝ հիմնուած ուժի չկիրառման, ինքնիշխանութեան յարգանքի, անձեռնմխելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներու վրայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment