Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայ-Ատրպէյճանական Կարգաւորումը Հնարաւոր Է, Եթէ Անոր Չմիջամտեն Ոչ-Տարածաշրջանային Երկիրները․ Փաթրուշեւ

Հայ-Ատրպէյճանական Կարգաւորումը Հնարաւոր Է, Եթէ Անոր Չմիջամտեն Ոչ-Տարածաշրջանային Երկիրները․ Փաթրուշեւ

by MassisPost

Ռուսաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ յայտնած է, որ հայ-ատրպէյճանական կարգաւորումը հնարաւոր է միայն, եթէ անոր չմիջամտեն ոչ-տարածաշրջանային երկիրները։

«Կիրառոյթը այդ ցոյց կու տայ: Արեւմտեան երկիրներուն գործողութիւնները կը հրահրեն տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի վատթարացում եւ կը նպաստեն հակասութիւններու պահպանման», ըսած է Փաթրուշեւ՝ ելոյթ ունենալով ԱՊՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարներու հանդիպման ընթացքին:

Մինչդեռ Ռուսաստանը, ըստ Փաթրուշեւի, հետեւողական քայլեր կը ձեռնարկէ, որ Երեւանն ու Պաքուն խաղաղութեան պայմանագիր կնքեն, տեղի ունենայ սահմանազատում, բացուին ճանապարհային հաղորդակցութիւնները:

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող հաւաքին չի մասնակցիր Հայաստանի ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը: Երեւանը պատճառը չէ նշած, Փաթրուշեւ միայն յայտնած է, որ այսօրուան հանդիպման Հայաստանը կը ներկայացնէ Ռուսաստանի մէջ դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեանը:

Աղբիւրը՝ azatutyun.am

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment