Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հայաստանի Աթոմակայանը Անվտանգ Է. Մեր Դիտորդական Արդիւնքները Կը Խօսին Ճառագայթային Աղտոտուածութեան Բացակայութեան Մասին». Մոհամմատ Պէյկ

«Հայաստանի Աթոմակայանը Անվտանգ Է. Մեր Դիտորդական Արդիւնքները Կը Խօսին Ճառագայթային Աղտոտուածութեան Բացակայութեան Մասին». Մոհամմատ Պէյկ

by MassisPost

Իրանի հիւսիսարեւմտեան շրջանի եւ Արեւելեան Ատրպատականի պաշտպանութեան համակարգի ղեկավար Մոհամմատ Պէյկ, խօսելով Մեծամորի աթոմակայանի աղտոտուածութեան մակարդակի խնդիրին մասին, նշած է. «Ճառագայթներու չափման կայանը Արեւելեան Ատրպատականի ոչ-աշխոյժ պաշտպանութեան կարեւորագոյն յենակէտերէն մէկն է՝ ելեկտրակայաններու եւ բժշկական կեդրոններու աղտոտուածութեան մակարդակը ստուգելու առումով:

Վերջին մէկ տարուան ընթացքին դիտորդութեան ենթարկուած է Հայաստանի Մեծամորի աթոմակայանը, որուն արդիւնքները կը խօսին ճառագայթային աղտոտուածութեան բացակայութեան մասին»:

Ան յաւելած է. «Յիշեալ աթոմակայանը անվտանգ է, չնայած նման կեդրոններու առկայութիւնը հաւանական վտանգ կը ներկայացնէ, այն կ’աշխատի Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հսկողութեան ներքոյ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment