Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Վագիֆ Խաչատրեանի Դատավարութեան Չեն Յարգուած Միջազգային Իրաւական Կանոններն Ու Մարդու Իրաւունքներու Երաշխիքները. ՄԻՊ

Վագիֆ Խաչատրեանի Դատավարութեան Չեն Յարգուած Միջազգային Իրաւական Կանոններն Ու Մարդու Իրաւունքներու Երաշխիքները. ՄԻՊ

by MassisPost

Վագիֆ Խաչատրեանին 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտելու Պաքուի դատարանի որոշման անդրադարձած է Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը։

Անահիտ Մանասեանը X-ի իր էջով գրած է, որ դատավարութեան ընթացքին չեն յարգուած միջազգային իրաւական կանոններն ու մարդու իրաւունքներու երաշխիքները։ Պաշտպանը յորդորած է միջազգային կազմակերպութիւններուն անյապաղ արձագանգել։

Ատրպէյճանցիները Վագիֆ Խաչատրեանը առեւանգեցին Հաքարիի կամուրջէն, երբ ան ամառը Արցախէն Հայաստան կու գար սրտի բաց վիրահատութեան համար:

Պաքուն արցախցին կը մեղադրէ «ցեղասպանութեան» յօդուածով, մասնաւորապէս՝ «1991-ին Մեշալի գիւղի վրայ զինուած յարձակման համար, որուն հետեւանքով 25 ատրպէյճանցի սպաննուած է»։

Փաստացի իր շահերը միայնակ պաշտպանող Վագիֆ Խաչատրեանը դատարանին մէջ բազմիցս հերքած է իր մասնակցութիւնը Մեշալիի դէպքերուն, պնդելով՝ ինքը այդ օրերուն կը գտնուէր Շուշիի բանտը։

«Ես անմեղ մարդ եմ, ես էնտեղ չեմ մասնակցել, ես չեմ եղել էնտեղ: Ինձ ձերբակալեցին, ոչ թէ ես ահաբեկիչ, ես Բադարա գիւղացի էի, ինձ բռնեցին որպէս բադարեցի, Բադարայի բնակիչ», ըսաւ ան։

Տարեց արցախցին նոյնիսկ խնդրեց իրեն յատուկ սարքերով ստուգել, որ չի ստեր, Մեշալիի մէջ չէ եղած, ոեւէ մէկէ չէ սպաննած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment