Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ճալալ Յարութիւնեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդումը Դադրեցուած Է

Ճալալ Յարութիւնեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդումը Դադրեցուած Է

by MassisPost

2020 թուականի Հոկտեմբեր 7-ին իրականացուած հակայարձակման դրուագով Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Ճալալ Յարութիւնեանի նկատմամբ արդարացնող հիմքով հանրային քրէական հետապնդումը դադրեցուած է:

Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջով գրած է Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Ճալալ Յարութիւնեանի փաստաբան Արսէն Սարդարեանը:

Ան նշած է, որ շուրջ 306 էջնոց Ռազմագիտական յանձնաժողովային փորձագիտական եզրակացութեամբ 11 փորձառու ռազմագէտներ միակարծիք փաստած են, որ Յարութիւնեանի գործողութիւններու մէջ հակահարուածի դրուագով յանցակազմ չկայ, վերջինս հակայարձակման ժամանակ գործած է բարեխիղճ, զգօն եւ գրագէտ։

«Ցաւօք, չնայած այն հանգամանքին, որ նոյն վերոգրեալ փորձագիտական եզրակացութեան բովանդակութիւնից ակնյայտ է, որ 2020թ․ Հոկտեմբերի 12-ի Ցորի զօրամասի Դ-20 բաժանմունքի վրայ հակառակորդի յարձակման հետեւանքով ունեցած կորուստների մասով Ճ․Յարութիւեանի մեղքը առերեւոյթ բացակայում է, եւ որ դրա պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ Դ-20 բաժանմունքի հրամանատարութեան վրայ է, սակայն այս մասով հանրային քրէական հետապնդումը չի դադարեցուել, ինչը խիստ մտահոգիչ է», գրած է ան։

Յիշեցնենք՝ 2022 թուականի Սեպտեմբեր 2-ին Քննչական Կոմիտէն յայտարարած էր Ճալալ Յարութիւնեանին մեղադրանք առաջադրելու մասին:

Ըստ ՔԿ հաղորդագրութեան՝ Ճալալ Յարութիւնեանը 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին՝ յայտարարուած ռազմական դրութեան պայմաններուն մէջ, անփոյթ վերաբերմունք դրսեւորած է իր ծառայողական պարտականութիւններուն նկատմամբ՝ չկատարելով եւ ոչ-պատշաճ կատարելով զանոնք, որուն հետեւանքով յառաջացած են ծանր հետեւանքներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment