Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Ծնունդները 8700-ով Գերազանցած Են Մահերու Ցուցանիշը

Հայաստանի Մէջ Ծնունդները 8700-ով Գերազանցած Են Մահերու Ցուցանիշը

by MassisPost

Ընթացիկ տարուան Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ  26 հազար 882 ծնունդ արձանագրուած է։ Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ Վիճակագրական Կոմիտէն։

Աղբիւրին տեղեկատուութեամբ՝ մահերուն ցուցանիշը նոյն ժամանակահատուածին կազմած է 18 հազար 107։

Այս տարուան ինը ամիսներու ընթացքին հանրապետութեան մէջ ամուսնութեան  12 հազար 19 դէպք արձանագրուած է, իսկ ամուսնալուծութեան՝ 3 հազար 363։

Սահմանային անցակէտերով իրականացուած գրանցումներու համաձայն՝ հաշուետու ժամանակահատուածին մէջ հանրապետութիւն մուտք գործած մարդոց թիւը 3 միլիոն 671 հազար  691 է, իսկ ելքերու ցուցանիշը կը կազմէ 3 միլիոն 682 հազար 325։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment