Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը «Կովերու Պարտէզ»-ի Աղմկայարոյց Գործարքը Չեղեալ Յայտարարած Է

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը «Կովերու Պարտէզ»-ի Աղմկայարոյց Գործարքը Չեղեալ Յայտարարած Է

by MassisPost

Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան դիւանապետ Հայր Աղան Գոգչեանը ֆէյսպուքեան իր էջով տեղեկանք հրապարակած է, համաձայն որուն՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը  նամակ ուղարկած է  Xana Gardens Ltd-ին՝ տեղեկացնելով, որ չեղեալ կը համարէ  երուսաղէմի Հին Քաղաքի հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ» կալուածին վերաբերեալ 2021 թուականի Յուլիս 8-ին ստորագրուած համաձայնագիրը»։

Նշենք, որ Երուսաղէմի  հայոց  Նուրհան Մանուկեան պատրիարքը եւ պարէտ Երիցեանը (այլեւս կարգալոյծ հռչակուած) երկու տարի առաջ գործարք կնքած էին հրեայ գործարարի հետ եւ 99 տարիով վարձակալութեան յանձնած «Կովերու պարտէզ» կալուածը: Յատկանշական է, որ 99 տարիով տարածքը վարձակալութեամբ տալու համաձայնագիրը անօրինական է այն առումով, որ ոեւէ մէկը իրաւունք չունի հայկական կալուածները 99 տարիով վարձակալութեան տալու, պատրիարքութեան կանոնադրութեամբ, առաւելագոյն ժամկէտը 49 տարին է:

Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա 2-րդը եւ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասը յայտարարեցին, որ  Նուրհան պատրիարքըն իշխանազուրկ պատրիարք է, եւ որ զայն այլեւս որպէս պատրիարք չեն ճանչնար, քանի որ ապօրինի գործարք իրականացուցած է։

Այս գործարքին շուրջ բարձրացուած աղմուկը այնքան մեծ էր, որ Յունիսին թեմային վերաբերող լրագրական տեղեկատուութիւն պատրաստեց  հեղինակաւոր լրատուամիջոցներէն մէկը՝ «СNN»-ը։  Լրատուամիջոցը զրուցած էր  պատրիարքարանի ներկայացուցիչներէն Սեւան արքեպիսկոպոս Ղարիպեանի հետ, որ յայտնած է, թէ «Կովերու պարտէզը», ճիշդ է՝ վարձակալութեան տրամադրուած է 99 տարիով, սակայն հիմա կ’աշխատին գործարքի չեղարկման ուղղութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment