Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յայտնի Է՝ Ինչ Սպառազինութիւն Ֆրանսան Պիտի Փոխանցէ Հայաստանին

Յայտնի Է՝ Ինչ Սպառազինութիւն Ֆրանսան Պիտի Փոխանցէ Հայաստանին

by MassisPost

Ֆրանսան մտադիր է օգնելու Հայաստանին՝ բարելաւելու իր հակաօդային պաշտպանութիւնը՝ վաճառելով երեք ռատար եւ պայմանագիր կնքելով «Միսթրալ» զենիթահրթիռային համակարգերու ապագայ մատակարարման վերաբերեալ։

Այս մասին յայտնած է Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիան Լեքորնիուն, կը փոխանցէ «Ռոյթըրզ»ը։

«Երկինքը պաշտպանելը միանգամայն կարեւոր բան է», Փարիզի մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Լեքորնիուն։

Նախարարները պայմանագիր ստորագրած են «Thales»-ի արտադրութեան երեք «GM 200» ռատարի վաճառքի մասին, որոնք Ֆրանսան տրամադրած է նաեւ Ուքրանիոյ, ինչպէս նաեւ՝ փոխըմբռնման յուշագիր ֆրանսական «Միսթրալ» փոքր հեռահարութեան հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի ապագայ մատակարարման վերաբերեալ։

Ֆրանսան նաեւ պիտի օգնէ Հայաստանին վերապատրաստելու ցամաքային պաշտպանութեան ուժերը եւ պիտի աջակցի երկրի ջանքերուն՝ բարեփոխելու եւ արդիականացնելու իր բանակը, ըսած է Լեքորնիուն։

Ան աւելի վաղ յայտնած էր, որ Երեւանն ու Փարիզը համաձայնագիր պիտի ստորագրեն ռազմական մատակարարումներու վերաբերեալ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment